31 Օգոստոս Երեքշաբթի Մարմարա օրաթերթի 70րդ ամեակն էր եւ թերթին մէջ խմբագրութեան կողմէ գրի առնուած գեղեցիկ գրութիւն մը կար որ կը վերջանար հետեւեալ նախադասութիւնով.<<մենք կանք եւ միշտ ալ պիտի ըլլանք>> :Իսկ 1Սեպտեմբեր թուակիր Մարմարա թերթի մէջ կար դարձեալ խմբագրութեան կողմէ գրի առնուած ուրիշ գեղեցիկ գրութիւն մը եւս որ կը խօսէր ընթերցողներու կողմէ Մարմարա թերթի նկատմամբ ցուցաբերած միասնութեան մասին ու կը վերջանար հետեւեալ նախադասութիւնով .<<գիտակից ենք այդ արժէքին եւ արդէն այդ արժէքին արժանի մնալու համար է որ ասկէ վերջ եւս պիտի շարունակենք աշխատիլ նոյն հաւատքով ու նոյն բծախնդրութեամբ>>: Որքան վճռական եւ մեր մայրենի լեզվի ապագային համար յոյս ներշնչող յայտարարութիւն մըն էր Մարմարայի խմբագրութեան կողմէ գրի առնուած այս գրութիւնը:Մենք Մարմարայի ընթերցողներս արդէն ոչ մէկ տարակոյս ունէինք որ Մարմարա օրաթերթը գիտակից է իր վրայ առած այդ դժուար պարտականութենէն որն է շարունակել Պոլսահայ Մամուլի գոյատեւումը եւ աշխատիլ Պոլսահայ գրականութեան զարգացման համար:Բայց
դժբախտաբար նոյնը կարելի չէ ըսել մեր Համայնքին իր մայրենիին եւ իր մամուլին նկատմամբ ցուցուցած կարեւորութեան
համար, քանի որ մեր համայնքին մէջ հայերէն խօսողներու եւ հայերէն թերթ ու գիրք կարդացողներու թիւը ամէն օր կը նուազի:Թերթ մը որքան որ ալ վճռած ըլլայ շարունակել աշխատիլ նոյն հաւատքով ու նոյն բծախնդրութեամբ, չի կրնար շարունակել իր գոյատեւումը առանց համայնքին քաջալերման, իսկ թերթ մը քաջալերելու նախապայմանը, այդ թերթին համայնքին մեծամասնութեան կողմէ կարդացուիլն է:Քանի կը շատնայ թերթի մը ընթերցողներուն թիւը նոյնքան կը շատնան այդ թերթին տրուած ծանուցումները որոնք նախապայման են թերթին գոյատեւման համար: Թերթ մը չի կրնար ապրիլ առանց իր ընթերցողներուն եւ առանց ծանուցումի: Պոլսահայ մամուլը այժմ կը ջանայ շարունակել իր գոյատեւումը դժնդակ պայմաններու մէջ քանի որ մեր համայնքին շատ մեծ մասը պէտք եղած կարեւորութիւնը ցոյց չտար հայ թերթին: Մենք իբր հայ գիրի եւ հայ թերթի սիրահար եւ հայախօսութեան մեր ազգին եւ մեր մշակոյթին գոյատեւման համար կրած կարեւորութենէն գիտակից անձեր պէտք չենք գոհանալ միայն մեր հայապահպանման նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութիւնով այլ պէտք է աշխատինք իբր միսիոնարներ հայ թերթի ընթերցողներուն թիւը աճեցնելու համար:Ամէն մէկ ընթերցող, եթէ յաջողի մէկ տարուայ մէջ իր բարեկամներէն երկու հոգի համոզել որպէսզի բաժանորդագրուի մեր հայերէն թերթերուն ասիկա շատ մեծ քայլ մը կը նշանակէ:Շատ դ ժուար պէտք չէ ըլլայ մէկ տարուայ մէջ երկու հոգի համոզել բայց ասիկա վերածնունդ մը կրնայ նկատուիլ մեր թերթերուն համար:
Ազգ մը չի կրնար շարունակել իր գոյատեւումը առանց իր մայրենի լեզուին եւ մշակոյթին:Լեզու մը եւ մշակոյթ մը չի կրնար շարունակել իր գոյատեւումը առանց իր թերթերուն եւ իր գրականութեան:
Ուրեմն պէտք է ապրինք միշտ այս գիտակցութեամբ որպէսզի մեր մայրենի լեզուն փոխանցենք մեր սերունդներուն, այնպէս ինչպէս ըրին մեր պապերը ինչ ինչ դժնդակ պայմաններու մէջ:
Վերջապէս, սրտանց կը շնորհաւորեմ Մարմարա Օրաթերթի 70րդ ամեակը, յայտնելով Մարմարայի խմբագրութեան եւ բոլոր Մարմարա ընտանիքին իմ խորին շնորհակալութիւններս իրենց հայապահպանման եւ հայ թերթին գոյատեւման ի նպաստ տարած աշխատանքին համար:
Վարձքդ կատար Մարմարա ընտանիք:
Օշին Էլակէօզ
No comments:
Post a Comment