Գիշեր էր, արատ ձիւնը կը տեղար Սէն Ճէյմս Թաունի արուարձաններու թաղերուն վրայ:Պողպատ պաղը մարդուս ոսկորները կը ծակէր:Արտաշէս, իր հաստ վերարկուին մէջ թաղուած օձիքը վեր բարձրացուցած, հաստ գլխարկը գլխուն, վիզն ու բերանը իր բուրդէ շալովը լաւ մը փաթթած, ձեռքերը վերարկուին գրպանը վեր վար կը պտտէր <<Ատլանթիս Քլէպ>> կոչուած գիշերային զբօսութեան վայրին դռան առջեւ որպէսզի ցուրտէն թանձրացած արիւնը, իր երակներուն մէջ աւելի արաք շրջէր ու իր մարմնին ջերմութիւնը գոնէ քիչ մը բարձրանար:
Երկար ժամանակ անգործ մնալէ վերջ, երկու ամիս առաջ գտած էր այս գործը:Ժամը գիշերուան տասին կը սկսէր եւ կը տեւէր մինչեւ առաւօտուան հինգը :Ինք, այդ քլէպ ին մէջ կաշխատէր իբր ինքնաշարժներու կայատեղի հսկիչ : Թոշակը շատ բարձր չէր բայց ձեռաձիրը լաւ էր, քանի որ մեծահարուստները իրենց թանկագին կառքերը կը յանձնէին իրէն որպէսզի լաւ տեղ մը ապահովէ եւ պաշտպան հանդիսանայ անոնց մինչ իրենք կը զուարճանան քլէպի գայթակղիչ մթնոլորտին մէջ:Իսկ յետոյ զուարթ անցած գիշերէ մը վերջ ու հարբած իրենց խմած ոգելից ըմպելիներուն եւ իրենց ընկերակցող գեղեցիկ պարմանուհիներուն ազդեցութենէն, երբ ձեռաձիր կուտային չէին ուշադրութիւն ընէր իրենց գրպանէն հանած դրամին քանակութեան:Իր շահը լաւ էր դերեւս բայց Արտաշէս գոհ չէր իր ըրած գործէն բայց անգործ մնացած ժամանակին շատ պարտք դիզած էր եւ հիմա ստիպուած էր այս գործը շարունակել:
Ամէն անգամ որ կը մտնէր քլէպէն ներս քիչ մը տաքնալու նպատակով ու վերէն կը դիտէր վարը զուարճացող ժողովուրդը որոնք կը պարէին, կը խմէին ու կը դարպասէին իրենց քով գտնուող գեղեցիկ պարմանուհիները, <<ա՜խ>> կը քաշէր ու կը գանգատէր մտածելով թէ մինչ ինք դուրսը սառնամանիքին մէջ կը կանգնէր միւսները վարը կը զուարճանային ու կը բողոքէր ըսելով <<շատ անարդար է կեանքը շա՜տ>>:
Ցուրտ օր մըն էր դարձեալ եւ Արտաշէս վեր վար կը պտտէր քլէպին առջեւ մխրճուած իր հաստ վերարկուին մէջ երբ տեսաւ որ հեռուէն փառաւոր Լինքըլն կառք մը կը մօտենար:Արտաշէս շատ լաւ կը ճանչնար այս կառքին տէրը որ ուրիշ մէկը չէր այլ իր դպրոցական ընկերը Հրայրը որ այլեւս Հէրրի կը կանչէին զինք, որուն հայրը մեծահարուստ վաճառական մըն էր:
Համալսարանի տարիներուն նոյն մասնաճիւղը յաճախած էին ինք, Հրայր եւ Թամար:Արտաշէս համալսարանին ամենայաջող եւ խոստմնալից աշակերտներէն մէկն էր, իսկ Հրայր անյաջող բայց իր հօրը հարստութեան առանձնաշնորհումը վայելող աշակերտ մը որ Արտաշէսի օգնութիւններու շնորհիւ կը պատրաստուէր իր քննութիւններուն եւ կը յաջողէր:Երկու տարիներ մնացած էին որպէսզի համալսարանէն շրջանաւարտ ըլլային երբ Արտաշէսի մայրը մահացաւ:Վեց ամիս վերջ մահացաւ նաեւ իր հայրը թողլով բոլոր ապրուստի մտահոգութիւնը Արտաշէսի ուսերուն:Արտաշէս նախ սկսաւ գիշերները աշխատիլ ու օրուայ ընթացքին հետեւիլ համալսարանի դասաւանդութիւններուն որպէսզի ետ չի մնայ ու տարի չի կորսնցնէ բայց շուտով տեսաւ որ կարելի պիտի չըլլար այսպէս շարունակել որովհետեւ անքուն կը մնար գիշերները:Արտաշէս ստիպուեցաւ կէս թողուլ համալսարանի ուսումը եւ աշխատիլ որպէսզի կարենայ իր ապրուստը ապահովել: Հրայր, իր հօրը հարստութիւնը իր ետեւը առած, բազմաթիւ օգնական ուսուցիչներու օգնութեամբ աւարտեց համալսարանը մինչ Արտաշէս ինկած էր իր օրուայ ապրուստը ապահովելու մտահոգութեան մէջ:Թամար որ իր երանելի օրերուն Արտաշէսի հետ մօտեն կը հետաքրքրուէր եւ նոյնիսկ սէրահին յարաբերութիւն մըն ալ սկսած էր իրենց մէջ, երբ Արտաշէս հեռացաւ համալսարանէն եւ ինկաւ դրամական գէշ վիճակի մէջ հարուած մըն ալ Թամարէն կերաւ երբ Թամար կամաց կամաց հեռացաւ իրմէ եւ աչքերը շլացած Հրայրի հարստութենէն ի վերջոյ ամուսնացաւ անոր հետ:
Հրայր, բացի իր հօր հարստութենէն, օգտագործուած էր նաեւ իր հօր համբաւէն ու յառաջիկային իրականանալիք քաղաքապետութեան ընտրութիւններուն թեկնածու եղած էր եւ հաւանական էր որ շահէր ընտրութիւնները:
Արտաշէս, երբ տեսաւ հեռուէն մօտեցող Լինքոլնը դարձեալ վերակենդանացան իր մէջ հին յիշատակները ու հառաչելով քիթին տակէն մրմռաց <<շատ անարդար է կեանքը շա՜տ>> :
Լինքոլնը եկաւ կեցաւ քլէպ ին առջեւ:Մէջէն դուրս ելան Հրայր եւ իր կինը Թամար: Հրայր, մօտեցաւ Արտաշէսին եւ իր կառքին բանալին երկարցնելով,քիչ մըն ալ ինքնահաւանութեամբ ու ծաղրանքով ըսաւ.
-Ծո Առտա, այս ցուրտին հոս դուրսը կեցած ի՞նչ կընես :
Արտաշէս պատասխան չի տուաւ ու բանալին խլեց Գրիգորի ձեռքէն:Պահ մը աչք աչքի եկաւ Թամարին հետ բայց իր աչքերը դէպի գետին սահեցնելով գլուխը վար ծռեց ու նստաւ ղեկանիւին ետեւը որպէսզի տանի ու զայն ապահով տեղ մը ձգէ: Հրայր շարունակեց իր լրբութիւնը եւ ըսաւ:
-Կառքս լաւ տեղ մը քաշէ վեռադարցիս քեզ կը վարձատրեմ,գիտես եա... ու այր եւ կին ծաղրածու ծիծաղով մը իրենց շրթներուն իրար փաթթուած մտան քլէպ որպէսզի հաճելի գիշեր մը անցնեն եւ զուարճանան:
Արտաշէս վերցուց կառքը եւ տարաւ քիչ մը հեռուն ու շարժակը զսպեց եւ ներսը նստած սպասեց քանի մը վայրկեան:Միշտ այսպէս կընէր որպէսզի կառքերուն մէջի վառարաններէն արձակուած տաքութիւնով գոնէ քիչ մը տաքցնէր իր սառած մարմինը: Յետոյ վերադարձաւ դարձեալ քլէպի դռան առջեւ եւ սկսաւ սպասել գալիք յաճախորդներուն ունենալով միշտ իր շրթներուն նոյն բողոքը << շատ անարդար է կեանքը շա՜տ>>:Առաւօտուան ժամը գրեթէ չորսն էր երբ Հրայր եւ Թամար քլէպէն դուրս ելան նորէն իրար փաթթուած եւ նոյն անբարտաւան ժպիտը իրենց երեսին:Այս անգամ բաւական ալ հարբած կերեւէին երկուքն ալ:Արտաշէս գնաց եւ կառքը բերաւ, եւ իբր պարտականութիւն կառքին դուռները բացաւ որպէսզի զոյգը ներս մտնէ:
Հրայր իր գրպանէն հարիւր տոլարնոց թուղդ մը հանեց եւ երկարեց Արտաշէսին ու ըսաւ գինով վիճակի մէջ:
-Առտա, առ սա հարիւրնոցը եւ մեզ մեր տունը տար, քիչ մը խմած եմ այս ժամուն ոստիկանները ճամբան քնութիւն կընեն խայտառակ չըլլամ:Գիտէս թէ քաղաքապետութեան ընտրութիւններուն թեկնածով եմ եթէ լսուի որ գինով վիճակի մէջ կառք վառած եմ քուէ կը կորսնցնեմ:
Արտաշէսի արիւնը գլուխը խուժեց այդ պահուն: Հրայր ամբարտաւանութիւնը իր չափը անցուցած էր այլեւս:Հարիւր տոլարնոց թուղթը ախորժակ կարթնցնէր բայց Արտաշէս իր պատուին չէր կերցներ իր հօրը դրամի շնորհիւ մարդ եղած այդ սրիկային վարորդութիւն ընել եւ մանաւանդ Թամարին քով:Իսկոյն քայլ մը ետ նետեց ու պաղօրէն պատասխանեց:
-Չեմ կրնար վայրէս հեռանալ:
Հրայր նոյն ամբարտաւանութեամբ պատասխանեց:
- Ծօ', եթէ տնօրէնէդ կը քաշուիս հոք մի ընէր կը բաւէ որ իրէն իմ անունս տաս: Միսթէր Հէրրին ուզեց կըսես:
-Ոչ , պատասխանեց Արտաշէս խնդիրը տնօրէնիս հետ կապ չունի այլ հոս պարտականութիւն մը ունիմ եւ վայրէս չեմ կրնար հեռանալ:Ու դառնալով ուղղուեցաւ դէպի քլէպի դուռը:Երբ ետ նայեցաւ տեսաւ որ իր աշխատակիցներէն մէկը մեծ գոհունակութեամբ հարիւրնոց թուղթը գրպանած եւ ղեկանիւին ետեւը անցած էր արդէն որպէսզի զոյգը իրենց տունը տանի:
Երկու ժամ վերջ քլէպը փակուած էր եւ Արտաշէս արձակուած էր իր գործէն:Երկու երթեւեկ փոխելով քառասունհինգ վայրկեանէն հասաւ իր տունը:Բանալին դարձուց եւ տուն մտաւ:մէկ սենեակէ բաղկացած խցիկ մըն էր տունը:Կը յուսար որ տաք օդ մը պիտի զարնէր իր երեսին բայց այդպէս չեղաւ:Տան մէջն ալ պաղ էր եւ վառարանները չէին վառէր:Մտաւ ներս,օր մը առաջուայ կերած ճաշին չի լուացուած պնակներու պատճառաւ ծանր օդ մը կը տիրէր տան մէջ:Ձախին լուացարանին մէջ չի լուացուած պնակներու վրայ միջատները իրենց փորը կը կշտացնէին:Արտաշէս այլեւս վարժուած էր իրենց գոյութեան:Առանց վերարկուն հանելու երկնցաւ անկողնին վրայ որպէսզի քանի մը ժամ քնանայ:Այդչափ յոգնած էր որ կօշիկները անգամ հանել խելք չէր ըրած:
Երբ արթնցաւ, օրը կէս ըլլալու վրայ էր արդէն:Վար իջաւ անկողնէն, տունէն դուրս ելաւ ու մտաւ իր տան դիմաց գտնուող սրճարանէն ներս , անկիւն մը փոքր սեղանի մը շուրջ նստաւ եւ սուրճ մը ապսպրեց:Ակնարկը, հեռուն սրճարանին միւս անկիւնը բաց եղող հեռատեսիլին սահեցաւ:Այդ ժամուն ցերեկուան լուրերը կը սփռէին:Հեռատեսիլին պաստառին վրայ Հրայրին եւ Թամարին նկարները կային եւ խօսնակը անոնց մասին կը խօսէր բայց ինք հեռուն ըլլալով չէր լսէր թէ ինչ կըսէր:
Արտաշէս ինքնիրեն ըսաւ:
-Նորէն այս անիծեալները:Ուր որ երթամ դէմս կելլեն:Երեկ գիշեր հոն ,այս առաւօտ հոս,չի ճանչցողն ալ մարդ կը կարծէ ասոնք:
Եւ դարձեալ մրմռաց իր քթին տակէն <<շատ անարդար է կեանքը շա՜տ>>
Մինչ այդ, սպասեակը սուրճը բերաւ ու տեսաւ որ Արտաշէս մտածկոտ կերպով մը կը նայէր հեռատեսիլի պաստառին ու ըսաւ իրէն:
-Լուրը լսեցի ՞ք պարոն,կը ճանչնայի ՞ ք այդ զոյքը:Անոնք պարոն Հէրրի Մարտիրոսեանը եւ իր կողակիցն են:Պարոն Հէրրի յառաջիկային քաղաքապետական ընտրութիւններուն քաղաքապետութեան թեկնածու էր եւ շատ մեծ հաւանականութեամբ ալ պիտի շահէր ընտրութիւնները:Այս առաւօտուան դէմ իրենց կառքով տուն վերադարձած ժամանակ արկած մը անցուցեր եւ երկուքն ալ տեղւոյն վրայ մահացեր են: Ոստիկանութեան կողմէ յայտարարուեցաւ թէ ինքնաշարժի վարիչը գինով է եղէր:Շատ մեղք եղաւ, շատ արժէքաւոր անձ մըն էր:
Ու յետոյ շարունակեց.
-Շատ անարդար է կեանքը պարոն շա՜տ:
Օշին Էլակէօզ
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
2 comments:
Shad keghetsig krutyun me vor mez ge barze giyankin iroghutyunnere.
Ge shnorhavorem
Մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացի եւ շատ գնահատելի է այս աշխատանքը, եւ կեանքի աչքառու իրողութիւններէն է:
Այսօրուայ երիտասարդը մեծ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուի, եւ փորձութիւնները շատ են իր շուրջը:
Սիրեցի գրուած ձեւը:
Post a Comment