10 Jul 2010
Կարեւորը մտայնութեան փոխուիլն է
Տեղական թերթերուն մէջ հրատարակուած լուրի մը համաձայն,Թուրքիոյ կառավարութիւնը, երկրին մէջ գտնուող ոչ-մահմետական հայրենակիցներուն նկատմամբ նոր բացուածք մը գործի կը դնէ եղեր:
Ըստ այս բացուածքին, ասկէ վերջ երբ մեր մասին խօսուի <<ոչ-մահմետական հայրենակիցներ >> անունը պիտի չի գործածուի այլ <<տարբեր դաւանանքի խմբակներ>> անունը պիտի գործածուի եղեր:
Այս զարգացումին հեղինակը նախարար էկէմէն Պաղըշ յայտարարեր է թէ այս խնդրանքը իրմէ ունեցած է Ասորի Պատրիարքի փոխանորդը ճիշտ տարի մը առաջ:Այսինքն միայն անունի մը փոփոխութեան որոշումը տալու համար, կառավարութիւնը աշխատեր է մէկ բոլոր տարի, 365 օր: Ես կը
դժուարանամ ըմբռնելու թէ ինչու համար այսչափ կարեւոր կը նկատուի, մեզ միւս հայրենակիցներէն զատելու համար դրուած անունը եւ մեզի համար դրական ըլլալով ինչ պիտի փոխուի եթէ եթէ մենք ասկէ վերջ <<ոչ-մահմետական հայրենակիցներ>> ու տեղ <<տարբեր դաւանանքի խմբակներ>> անուանակոչուինք:
-Մեր հաստատութիւնները աւելի ազատ պիտի ըլլա՞ն:
-Մեր հաստատութիւններու ձեռքէն խլուած ու գրաւուած շէնքերը ետ պիտի վերադարձուի՞ն:
-Մեր վարժարաններու մէջ, այս երկրին մէկ հայրենակիցը եղող վարժարանին թրքահպատակ հայ տնօրէնին հետ միատեղ էթնիկ ծագումով թուրք փոխ տնօրէն մըն ալ պաշտօնի վրայ բռնելու պարտաւորիչ օրէնքը պիտի վերնա՞յ:
-Մեր վարժարաններուն իրաւունք պիտի տրուի՞ որպէսզի թրքերէն լեզուով աւանդուած դասերուն ուսուցիչները, իրենք իրենց կամքով ընտրեն ինչպէս կընեն միւս թուրք վարժարանները թէ մինչեւ հիմա եղածին պէս պիտի ստիպուին գոհանալ պետութեան կողմէ իրենց ղրկուած ուսուցիչներով :
-Տարբեր դաւանանքի խմբակներուն ասկէ վերջ պիտի արտօնուի՞ արդեօք որ պետական հաստատութիւններու մէջ պաշտօնավարեն իբրեւ պետական պաշտօնեայ: Մեզ պիտի արտօնուի՞
որ մեր երկրին մէջ պաշտօնավարենք իբրեւ զինուոր, ոստիկան, դատաւոր, դատախազ կամ այլ պաշտօններ որոնք կը պատկանին պետական հաստատութիւններուն: Բան մը որ այժմ կարելի չէ:
-Այս անուանափոխութենէ վերջ ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւններու պատկանող համայնքներուն ծնողները, իրենց զաւակները իրենց համայնքին պատկանող ազգային վարժարանները արձանագրելէ առաջ պիտի շարունակե՞ն ինչպէս այժմ հանդիսանալ Ուլուս դաղի մէջ գտնուող հրեայից վարժարանը եւ հոն ներկայ գտնուող պետական պաշտօնեաներուն ապացուցանել թէ իրենք իսկապէս ծագումով հայ կամ յոյն են:Յետոյ ինչու՞ համար հրեայից վարժարանը ընտրուած է այս գործին համար, միթէ հրեայից վարժարանը պետութեան պաշտօնեաներուն համար հաւաքատեղի՞ մըն է: Քաղաքիս մէջ այս նպատակին հարմար պետութեան պատկանող ուրիշ հաստատութիւն մը կամ շէնք մը չկայ՞ արդեօք, թէ ոչ պետութիւնը այս ճամբով մեզ բան մը հաղորդել կուզէ:Մնաց որ ծնողի մը իր զաւակը իր համայնքին պատկանող մէկ ազգային վարժարանը կարենալ արձանգրելու համար իր հայ ,յոյն կամ հրեայ ծագում ունենալը ապացուցանելու ստիպողականութիւնը արդէն ինքնին ոչ ժողովրդավարական եւ ցեղապաշտ մտայնութիւն մըն է:
Մենք ոչ-մահմետականներս այս հողերու վրայ հարիւր տարիներու տեւողութեամբ նախ կոչուեցանք <<կեաւուր>> այսինքն անհաւատ:
Յետոյ կոչուեցանք <<ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւն>>:
Իսկ հիմա այլեւս պիտի կոչուինք<<տարբեր դաւանանքի խմբակներ>> :
Երբ մեզ <<կեաւուր>> կը կոչէին, այս հողերուն վրայ կը գտնուէին միլիոններով ոչ-մահմետականներ: Մեծ թիւով ոչ-մահմետական ամիրաներ, փաշաներ կամ երեսփոխաններ ունէինք:
Երբ մեզ սկսան կոչել <<ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւն>> այս թիւը աքսորներու, եղեռներու եւ այլ հալածանքներու պատճառաւ նուազած էր քանի մը հարիւր հազարի որ ի վերջոյ եկաւ հասաւ մինչեւ այսօրուայ շուրջ հարիւր հազար թուին :
Իսկ հիմա որ մեզ պիտի անուանակոչեն <<տարբեր դաւանանքի խմբակներ>> ի՞նչ բան պիտի փոխուի մեզի համար:Եթէ այս կացութեան մէջ բարելաւում մը պիտի չըլլայ ուրեմն ի՞նչ արժէք ունի մեզ անուանակոչելու ձեւը փոխելը:
Պետութիւնը շատ աւելի ճիշտ գործ մը ըրած կըլլար եթէ իր երկրին մէջ ապրող տարբեր դաւանանքի պատկանող կամ տարբեր էթնիկական ծագում ունեցող հայրենակիցները կանչելու համար նոր անուններ հնարելու կամ անոնց անունները փոխելու տեղ իր մտայնութիւնը փոխէր եւ ընդունէր բոլորը իբր այս երկրին հարազատ հայրենակիցները,առանց անոնց մէջ խտրութիւն պատճառող անուններ դնելու:Որովհետեւ պետութեան մը իր հայրենակիցներուն միջեւ անուններ դնելով զանոնք իրարմէ զանազանելը արդէն անոնց մէջ խտրութիւն դնելը կը նշանակէ եւ ասիկա երկրին ալ վնաս կը պատճառէ:
Բայց նորէն ալ <<կայսրինը կայսրին>>, կուզեմ ընդգծել որ Թուրքիա, Վարչապետ էրտողանի հիմնած կառավարութեան տակ անցուցած վերջին ութ տարիներու ընթացքին մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան մէջ շատ մեծ քայլեր առաւ:
Հակառակ բոլոր ժխտական պարագաներուն , Թուրքիոյ ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւններու հիմակուայ կացութիւնը, ութ տարի առաջուանին հետ բաղդատել ագամ կարելի չէ :Հիմա եթէ հարց մը կամ գանգատ մը ունենանք գոնէ մեր դիմացը մեզ մտիկ ընող եւ իր ձեռքէն եկածին չափ մեր հարցերը լուծելու համար աշխատող կառավարութիւն մը կայ:Հիմա, բաղդատելով ասկէ առաջուանին հետ շատ աւելի յարգանք կը տեսնենք:Գուցէ այս է պատճառը որ մեր ձայնը հիմա շատ աւելի զօրաւոր կելլէ եւ մեր իրաւունքները աւելի քաջութեամբ կրնանք պաշտպանել ,մինչդեռ ասկէ առաջ մեր բերանը բանալու եւ գանգատելու նոյնիսկ իրաւունքը չունէինք: Կառավարութիւնը կրցածին չափ մեր հարցերն ալ լուծել կը ջանայ:<<Կրցածին չափ>> կըսեմ որովհետեւ մի կարծէք թէ թուրքիոյ մէջ կառավարութիւններն են որ կը կառավարեն երկիրը: Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով կառավարութիւն մը ելաւ ու պնդեց թէ ժողովուրդին կողմէ, իրենց քուէներով ընտրուած կառավարութիւն մը ըլլալով ինքն է որ պիտի կառավարէ երկիրը: Այդ օրուընէ սկսեալ Վարչապետ էրտողանին կառավարութեան դէմ կարծէք թէ պատերազմական ճակատ մը բացուած ըլլայ եւ այս ճակատը բացողները, երկիրը կործանելու գինով կը ջանան կառավարութիւնը տապալել:Այս է Թուրքիոյ մէջ հիմա տիրող քաղաքական քաոսին պատճառը:
Օշին Էլակէօզ
29 Յունիս 2010
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
No comments:
Post a Comment