Քանի մը օր առաջ վիճաբանտութիւն մը ունեցայ իմ յաճախած մարզական ակումբէն Հայ մէկ բարեկամիս հետ,երբ ան խօսած պահուն ըսած էր ինծի, թէ ինք իր զաւակը նախակրթարանէն սկսեալ թրքական դպրոց դրած է:Երբ իրեն հարցուցի թէ ինչու՞ համար հայկական վարժարան մը չէ դրած որպէսզի իր զաւակը հայերէն սորվի,ան ինծի պատասխանեց . <<հայերէնը ինչի՞ կը ծառայէ թող թրքերէն սորվի որ աւելի դիւրին շահի համալսարանի մտից քննութիւնը>>:
Ահա հայ հայր մը որ իր զաւկին հայերէն սորվելուն արգելք կ 'ըլլայ ,պնդելով որ հայերէնը բանի մը չի ծառայեր:Որքան ցաւալի էր այս խօսքը ,վստահ եմ որ իր մեծհօրը կոգին երկնքէն զինքը անիծած է այդ պահուն:Մեր ընկերները մեծամասնութեամբ նախապէս կը յաճախէին հայկական վարժարաններ,բայց յետոյ ծուլութեան մատճառաւ չէին կրցած իրենց լեզուն պահել,որովհետեւ հայերէնը դժուար լեզու մըն է:Սակայն եթէ օրական գոնէ մէկ հայերէն թերթ կարդալու համար ջանք մը թափած ըլլային ,իրենց լեզուն պիտի չմոռնային:Մենք ունինք լեզու մը որ միայն մեզի կը պատկանի եւ հազար տարիներու պատմութիւն մը ունի եւ մշակութային հարստութիւն մըն է ,սակայն շատեր չեն գիտեն իր արժէքը:
Ես ուսանած եմ Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին մէջ :Շատ լաւ կը խօսիմ իտալերէն ,եւ որպէս երկրորդական լեզու անգլերէն եւ ֆրանսերէն:Կ 'աշխատիմ օդանաւային հաստատութեան մը մէջ:Այս օտար լեզուները գիտնալու շնորհիւ է որ կը վաստկիմ իմ օրուայ ապրուստը .սակայն եթէ օր մը յաւերժահարս մը իմ դիմացս ելլէ եւ ինծի ըսէ. << բարեկամ,քու վրայ այնպիսի կախարդութիւն մը պիտի գործադրեմ,որ երբ առաւօտուն արթննաս,բանաստեղծի պէս հայերէն սորված պիտի ըլլաս ,սակայն ատոր փոխարէն քու գիտծած օտար լեզուներէն մէկը միտքէդ ջնջուած պիտի ըլլայ>>,ես այն ատեն սիրով պիտի զոհէի իմ գիտծած օտար լեզուներեն մէկը շատ աւելի լաւ հայերէն գիտնալու համար:
Երբ կըսեմ թէ իմ զաւակս հայկական վարժարան կը հաճախէ ,բարեկամներես ոմանք ինծի կ 'ըսեն թէ իմ զաւկիս ապագային հետ կը խաղամ:Եթէ մենք այն աստիճանին հասած ենք , որ այլեւս հօր մը իր զաւկին հայերէն սորվեցնելու պարտականութիւնը որպէս իր զաւկին ապագային հետ խաղալ կը սեկնաբանուի,այն ատեն կրնանք մեր գլխարկը մեր առջեւ դնել եւ մտածել երկար՜ , երկար ՜:
1 comment:
Oscin, per carita' di Dio tieni duro...
Vahan
Post a Comment