Զանազան թուականներուն, զանազան քաղաքագէտներ, տարբեր թիւեր կուտան Թուրքիա ապրող Հայաստանցիներու մասին:Տարիներ առաջ այս թիւը 30 հազար էր, յետոյ ըսուեցաւ որ այս թիւը 70 հազար է:Վերջապէս Վարչապետ Էրտողան յայտարարեց թէ 100 հազար փախստական Հայաստանցիներ կ'ապրին Թուրքիոյ մէջ:Նախ ըսենք որ այդ ենթադրութիւնը թէ Թուրքիոյ մէջ 100 հազար Հայաստանցիներ կ 'ապրին բաւական չափազանցուած է:
Կարգ մը քաղաքագէտներ երկու երկիրներու մէջ ստեղծուած իրավիճակէն մեկնելով,տարբեր յայտարարութիւններ կ 'ընեն այս հայաստանցիներու մասին:Երբ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ հարաբերութիւնները սովորական են , ոչ ոք կը դժգոյի անոնցմէ : Իսկ երբ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները թէկուզ նուազ համեմատութեամբ ձգտեալ վիճակ մը կը պարզեն,օրինակի համար 24 Ապրիլի նախօրեակին ,այդ նոյն քաղաքագէտները կ 'ըսեն թէ Թուրք Պետութիւնը , բարեկամեցողութիւն ցոյց տալով, աչք կը քթթէ Հայաստանցիներուն, որոնք ապօրէն կարգավիճակով կ 'աշխատին Թուրքիոյ մէջ բայց պէտք է որ պետութիւնը զանոնք իրենց երկիրը ետ ղրկէ:Երբ այսպիսի յայտարարութիւններ կը լսենք եւ կը կարդանք ,մտքերնուս մէջ սա կասկածը կ 'արթննայ.արդեօք իսկապէս այս Հայաստանցիներու ապօրէն կեցութեան վրայ աչք կը գոցեն իբրեւ բարեկամեցողութիւն ,թէ ոչ անոնք հոս վար կը դրուին որպէսզի երբ յանկարծ առիթը ներկայանայ ,վռնտուին երկրէն' սպառնալով քաղաքական արդարութիւնը գործադրել:Եթէ նպատակը իրապէս բարեկամեցողութիւն ցոյց տալ է ,ուրէմն պատճառը ինչ որ ալ ըլլայ պետք չէ երբեք սպառնալ թէ այդ Հայաստանցիները կրնան դուրս վտարուիլ երկրէն:
Նիւթը մէյմն ալ քննենք տարբեր անկիւնէ մը: Թուրքիայ ապրող Հայաստանցիներու մասին զանազան վիճակագրական տուեալներ կը տրուին:Թէ քանի ՞ տոկոսը կին է եւ քանի ՞ տոկոսը այր:Քանի ՞ տոկոսը տնային գործերու մէջ կաշխատին եւ քանի ՞ տոկոսը ոսկերչութեան ասպարեզի մէջ:Քանի ՞ տոկոսը երեխայ ունի եւ այլն:
Բայց մինչեւ հիմայ բնաւ չեմ հանդիպած վիճակագրութեան մը ,որ յայտնէ թէ այս փախստականի կարգավիճակով Թուրքիոյ մէջ ապրող Հայաստանցիներուն քանի ՞ տոկոսին մեծ հայրերը կամ մեծ մայրերը, 1915 ի աղիտալի տարիներուն իրենց հողերէն ագսորուած ,իրենց երկրէն դուրս հանուած Օսմանցի Հայերուն թոռներն են արդեօք: Որոնք իրենց յետին ձքելով իրենց տունը,գիւղը,հայրենիքը գաղթել պարտաւորուեցան ,թողլով ագսորի մահաբոյր ճամբու վրայ իրենց զաւկի,մոր,հոր,եղբոր դիակները :Անո՞նք ալ ապորինի էին արդեօք այս հողերու վրայ :Եթէ այսպիսի վիճակագրութիւն մը կատարուի ,վստայ եմ ,որ յայտնի պիտի դառնայ թէ այդ <<փախստական>> Հայաստանցիներուն մեծ մասը այս հողերուն հետ հօրենական կապեր ունին:
Այսօր Ֆրանսիոյ մէջ մեծ թիւով Մաղրիբցիներ կ’ապրին . Ալճերացիներ, Մարոքցիներ,Թոնիսցիներ, Սենեկալցիներ եւ ուրիշ շատ մը ազգեր:Անգլիոյ մէջ կ’ապրին Հնդիկներ,Փաքիստանցիներ:Իտալիոյ մէջ կ’ապրին Լիպիացիներ եւ Ալպանացիներ բայց այս երկիրներուն քաղաքագէտները չեն սպառնար զանոնք երկրէն դուրս վտարել:Ընդհակառակը այս ազգերը այդ Եւրոպական երկիրներուն մէջ առանձնաշնորհում կը վայելէն եւ այդ երկիրներուն հպատակութիւնը կը ստանան: Վերոյիշեալ Եւրոպական երկիրները , այդպիսի քաղաքականութիւն մը վարելով , կը ջանան բարեկամեցողութիւն ցոյց տալ այն ազգերուն ,որոնց տառապանքներ պատճառած են անցեալի մէջ :Գալով Թուրքիոյ,հոս առժամաբար բնակութիւն հաստատած Հայաստանցիներ արտօնութիւն չունին իրենց զաւակները արձանագրել տալու Պոլսոյ Հայ Ազգային Վարժարաններուն մէջ : Դժբախտաբար այդ տղաքը դատապարտուած են թափառելու փողոցներուն մէջ եւ դիմագրաւելու ինչ ինչ վտանգներ,մինչ ինենց մայրերն ու հայրերը կ 'աշխատին եւ երեկոյան ուշ ժամերուն տուն կը վերադառնան:
Թուրքիա որ կը ձգտի անդամակցիլ Եւրոմիութեան ,պարտաւոր է եւրոպական երկիրներու մշակած քաղաքականութիւնը որպէս օրինակ կիրարկել այս երկրին մէջ եւս:
Օշին էլակէօզ
19 Փետրուար 2010
Ուրբաթ
No comments:
Post a Comment