Subscribe

16 Feb 2010

Ախթամարի Սուրբ Խաչ Հայոց Եկեղեցին պիտի բացուի՞ եկեղեցական արարողութեան համար






Փետրուարին,Պոլսոյ մէջ զբօսաշրջական համաշխարային տոնավաճառ մը կազմակերպուած էր որ տեւեց չորս օր . 11 - 14 Փետրուարի միջեւ: Զանազան երկիրներ,զանազան քաղաքներ եւ շատ մը ուրիշ զբօսաշրջական կազմակերպութիւններ ու հաստատութիւններ , ցուցատեղեր վարձած էին որպէսզի ինքզինքնին ծանօթացնեն տօնավաճառը այցելող ժողովուրթին:
Երբ կը պտտէի ցուցատեղերուն միջեւ կորսուած վիճակի մէջ , տեսայ որ Վանի քաղաքապետութիւնն ալ մասնակցած էր տոնավաճառին որպէսզի Վան քաղաքը ծանօթացնէ անոնց որոնք կը փափաքին աւելի մօտէն ճանչնալ քաղաքը: Ցուցատեղը պտտած ժամանակ ուշադրութիւնս գրաւեց գրքոյգ մը որուն վրայ Ախթամար Կղզիի եւ Սուրբ.Խաչ Հայոց եկեղեցիի նկարները կային: Առի գրքոյկը եւ սկսայ կարդալ: Տեղական թերթերուն մէջ կարդացած էինք Մշակոյթի Նախարարի այն յայտարարութիւնը թէ Սուրբ.Խաչ եկեղեցիին վրայ իր խաչը պիտի զետեղուի եւ տարին անքամ մըն ալ «արտօնութիւն պիտի տրուի» որպէսզի եկեղեցուոյ մէջ արարողութիւն կատարուի:Մենք Թրքահայերս ալ , նախարարին այս արտայայտութիւնը լսելով ուրախացած էինք:Չէ՞ որ պետութիւնը ,մեր եկեղեցիին մէջ մեզի «արտօնութիւն պիտի տար» որպէսզի տարին մէկ անքամ արարողութիւն ընէինք: Ի՜նչ մեծ բարեկամեցողութիւն:

Երբ գրքոյկը առի եւ սկսայ քննել,նկատեցի որ Ախթամարի կղզիի եւ Սուրբ.Խաչ եկեղեցուոյ մասին Վանի քաղաքապետութեան կողմէ պատրաստուած գրքոյկին մէջ «Հայ» անունը բնաւ չէր գրուած: Մենք Թրքահայերս գիտենք արդէն թէ Ախթամարի անունը փոխուած է «Աքտամար» ի որ թրքերեն կը նշանակէ «ճերմակ երակ» բայց Սուրբ.Խաչի անունն անքամ գոյութիւն չունէր գրքոյկին մէջ: Միայն մէկ նախադասութեան մէջ կանցնէր «Վասպուրականի թագավոր Գագիկ» բացատրութիւնը:Եթէ կարդացողը արդեն իսկ գիտէր թէ որ ազգին կը պատկանէր « Վասպուրականի թագավոր Գագիկ» ը կրնար հասկնալ թէ հայերու մասին է որ կը խօսուէր գրքոյկին մէջ,ապա թէ ոչ կարելի պիտի չըլլար գուշակել թէ գրքոյկին մէջի այդ եկեղեցին արդեօք Բիւզանդակա՞ն եկեղեցի մը եղած է պատմութեան մէջ կամ Հռոմէական եւ կամ ուրիշ քրիստոնեայ ազգի մը պատկանող եկեղեցի մը: : կարծէք թէ ոչ հայը , ոչ Ախթամարը եւ ոչ ալ Ս.Խաչը երբեք գուութիւն ունեցած չըլլային այդ հողերուն վրայ :Մշակոյթի Նախարարն ալ հոն կը գտնուէր այդ պահուն ու ես անձամբ տեսայ որ կ 'այցելէր ցուցատեղերը:

Հիմայ, եկեք’ հաւատացեք’ որ իր պատրաստած գրքոյկին մէջ հայուն անունը իսկ չի գործածող մտայնութիւնը , առտոնութիւն պիտի տայ որպէսզի եկեղեցիին վրայ իր խաչը զետեղուի եւ տարին անքամ մը եկեղեցական արարողութիւն կատարուի:


Օշին էլակէօզ

15 Փետրուար 2010
Երկուշաբթի

No comments: