Subscribe

10 Feb 2010

Ստեղծուածը սիրել ,Ստեղծողին պատճառաւ

Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան , յայտարարութիւն ըրած ժամանակ երբ նիւթը բացուի Թուրքիոյ մէջ ապրող ոչ իսլամական փոքրամասնութիւններու, Քիւրտերու կամ տարբեր էթնիքական ինքնութիւն ունեցող հայրենակիցներու մասին , միշտ կընէ յետեւեալ յայտարարութիւնը. "մենք ստեղծուածը, Ստեղծողին պատճառաւ է որ կը սիրենք":

Հոս վարչապետը իր բարեկամեցողութիւնը ցոյց տալով ըսել կուզէ թէ իր կուսակցութիւնը հաւատացեալ անձերէ բաղկացեալ ըլլալուն ,եւ իրենց մէջ Աստծոյ վախը ունենալնուն համար մարդկանց մէջ խտրութիւն չեն դներ ու բոլորն ալ առանձ նկատի առնելու իրենց էթնիքական եւ կամ կրօնական տարբերութիւնը հաւասար կերպով կը սիրեն ու կը յարգեն, որովհետեւ այս բոլորն ալ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած էակներ են: Ուրեմն մարդիկ պետք են յարգուիլ ու սիրուիլ որովհետեւ ստեղծուած են Աստուծոյ կողմէ: Այս յայտարարութիւնը, առաջի ակնարկին դրական կրնայ թուիլ մեզի որովհետեւ նախադասութիւնէն այն իմաստը կելլէ որ վարչապետը իր բոլոր հայրենակիցները կը սիրէ առանձ իրենց մէջ խտրութիւն դնելու իրենց տարբերութիւններու պատճառաւ:Բայց ես այս յայտարարութիւնը շատ չեմ հաւնիր որովհետեւ այս յայտարարութիւնը որ դրական կերեւի, կրնայ պատճառ դառնալ որպէսզի որոշ անձեր այս յայտարարութիւնէն ճամբայ ելլելով ժխտական յայտարարութիւններ ընեն երբ նիւթը բացուի փոքրամասնութիւններու կամ տարբեր էթնիքական ինքնութիւն ունեցող հայրենակիցներու մասին:Որովհետեւ հաւատացեալ անձի մը ."մենք ստեղծուածը, Ստեղծողին պատճառաւ է որ կը սիրենք" ըսելը , հնարաւորութիւն կուտայ թերահաւատներուն որպէսզի արտայայտուին ըսելով "մենք անոնք չենք սիրէր որովհետեւ չենք հաւատար ստեղծողի մը գոյութեան":

Ճիշտ է որ Թուրքիա վերջի եօթը տարիներու ընդացքին ,այսինքն վարչապետ էրտողանի կառաւարութեան ընդացքին բաղտատմամբ ասկէ առաչուան կառաւարութիւններու հետ ,մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան մէջ շատ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած է,բայց նորէն ալ կ’ուզեմ ըսել որ երկրի մը վարչապետը պետք չէ իր զգացումները խառնէ քաղաքական յայտարարութիւններու հետ:Աւելի ճիշտ պիտի ըլլար որ վարչապետը իր ըրած յայտարարութիւններու ժամանակ ըսէր թէ իրենք երկրին բոլոր հպատակները հաւասարապէս կը սիրեն եւ կը յարգեն որովհետեւ իրենց համար բոլոր հայրենակիցները յարգելի են եւ ժողովրդաւարութիւնը ու մարդկային իրաւունքները այդպէս կը պահանջէն:

Երկրի մը ժողովրդավարութեան որակը բարցրացնելու համար , նախ պետք է ժողովուրդին եւ երկրին քաղաքական մտայնութիւնը փոխուի եւ յառաջացած եւրոպական երկիրներու մակարդակին բարցրացուի:Միայն այդպէս է որ երկրին հպատակները իրենք զիրենք ապահով կը զգան:Պետութիւնը ,մնայուն մարդկային իրաւունքներու վրայ հիմնուած , սահմանադրութիւն մը եւ ժողովրդավարական քաղաքականութիւն մը կունենայ ու ամէն գործի գլուխ եկող կառաւարութիւն այդ օրէնքին ուղղութեամբ երկիրը կը կառաւարէ, այլ ոչ թէ գործի գլուխ եկող վարչապետին եւ իր կառաւարութեան բարեկամեցողութեան ուղղութեամբ: Միայն այն ժամանակ է որ երկիր մը յառաջացած , ժողովրդավարական,սոցիալ երկրի մը կը վերածուի:

Օշին Էլակեօզեան

10 Փետրուար 2010

Չորեքշաբթի

No comments: