
Կիրակի առաւօտ մըն էր, անձնական ինքնաշարժովս Թարապիա կ'երթայի:Երբ Ենիգիւղի նաւամատուցին առջեւէն կ 'անցնէի անդրադարձայ որ ինքնաշարժս սկսած էր խանգարումի մը նշանը տալ:Տաքութեան սլաքը բարձրացած էր եւ վար չէր իջներ:Չուզեցի անմիջապէս կանգ առնել , այլ նախենտրեցի ճանբաս շարունակել մտածելով որ եթէ շարունակէի արագօրէն սուրալ դէպի գացած ուղղութիւնս, պաղ օդը կրնար պաղեցնել շարժակը եւ լուծել հարցը:Բայց կը սխալէի :Ենիգիւղի նաւամատոյցէն հազիւ երեք հարիւր մեթր անդին, դէպի Քէօյպաշը գացած էի որ ստիպուեցայ ինքնաշարժս դէպի աջ մօտեցնել եւ շարժակը կեցնել: Յառաջամասի կափարիչը բացող լծակը քաշեցի եւ վար իջայ , տեսնելու համար թէ ինչ պատահած էր եւ ինչպէս կրնայի լուծել հարցը:Յանկարծ բան մը պատահեցաւ :Անդրադարձայ որ կը գտնուէի ճիշտ դիմացը այն տան ուր իմ երեխայութիւնս անցած էր:Այդ տան տեսարանը շատ կը յուզէր զիս, ամէն անգամ որ Ենիգիւղի այդ թաղէն անցնէի, գլուխս միշտ միւս կողմ կը դարձնէի որպէսզի չտեսնէի այդ տունը: Տարիներու անթացքին այսպէս ըրած էի , որովհետեւ երեխայութեանս ամենագեղեցիկ յիշատակներով լեցուն այդ տունը վերյիշելը ցաւ կը պատճառէր ինծի:Բայց ի'նչ ճակատագիր որ ինքնաշարժս խանգարուած էր ճիշտ այդ տան առջեւ եւ այլեւս կարելիութիւնը չունէի գլուխս միւս կողմ դարձնելու:Պահ մը ապշահար մնացի եւ արդէն իսկ վերականդանացած էին աչքերուս առջեւ մանկութեանս յիշատակները:
Յիշեցի տան վանդակապատ դուռը որուն առջեւ խնամուած թուփեր կը գտնուէին:Դռնէն ներս ձախ կողմը կը գտնուէր խաղողի արիշ մը , ուր ամէն օր ժամը հինգին մեր տան տիկինները կը հաւաքուէին թէյ խմելու համար:Աստուածածնին այդ արիշին խաղողները մեր ճաշասեղանները կը զարդարէին:
Իսկ աջ կողմը կար հորթանսներու պարտէզ մը, ուր կը գտնուէր նաեւ Մալթայի սալորի պտղատու ծառ մը:Ձախ կողմը արիշին ետեւի մասը ունէինք հերկուած պզտիկ հողամաս մը ուր մեծ ջանքերով կը հասցուէին սմբուկ եւ կանանչ պղպեղ:Կար նաեւ կեռասի ծառ մը որուն ետին կը բարձրանար կարմիրսալորի ծառ մը: Իմ եւ ինծի տարեկից զարմիկներուս ամենամեծ հաճոյքն էր մագլցիլ այդ ծառին վրայ եւ քաղել համեղ սալորները:Կարեւորութիւն չունէր որ երբեմն ծառէր վար կ 'իյնայինք եւ մեր ձեռքերն ու ոտքերը կը վիրաւորուէին:Եւ այսքան ալ չէր: Կարմիր սալորենիին դիմացը կար բալի բարձր ծառ մը , որուն ոտքերուն տակ շինուաց էր աւազան մը:Հոն կը լողային կարմիր ձուկեր որոնց հաց ու մասնաւոր կեր կը նետէինք:Յառաջանալով դէպի պարտէզին վերջաւորութիւնը,դէմ յանդիման կուգայինք այս անգամ կանանչ սալորենիի մը հետ, անկէ վերջ ալ եղեւինի մը հետ,որուն ճիւղէն վար կախուած էր մեր կախօրրանը ,օրօրոցը:Կարելի չէր մոռնալ որ եղեւինին աջ կողմը տնկուած էին դարձեալ հորթանսի տունկեր:Պարտէզին բոլոր ծառերը իմ մեծ մայրիկս Աննա Եաեայիս եւ իր քրոջ Սրբուհի Եաեայի խիստ հսկողութեան եւ գուրգուրանքի տակ կը գտնուէին:Անոնք մեծ նուիրումով կը զբաղէին այս ծառերով,
կ 'ապահովէին անոնց պատուաստումները որպէսզի աւելի որակաւոր ծաղիկներ եւ պտուղներ տային:
Տան դիմացը , ինքնաշարժիս քով կանգնած,բոլոր այս յիշատակները շարժանկարի երիզի մը պէս անցան մտքիս խորերէն:Ի'նչ հանդիպում էր որ շուրջ երեսուն հինք տարի վերջ ինքնաշարժս խանգարուած էր ճիշտ այն հողատարածքին առջեւ ուր ժամանակին մեր տունը կը գտնուէր :Այդ տունը իրականութեան մէջ գոյութիւն չունէր այլեւս,որովհետեւ նոր տէրերը ,պարտէզի ծառերուն եւ բոյսերուն պէս ի հիմանէ քանդած էին նաեւ մեր հին տունը եւ հոն կառուցած էին նոր եւ արդիական շէնք մը,որ ոչ մէկ կապ ունէր մեր սիրելի տան հետ: Ամէն ինչ փոխուած էր ,տունը ,պարտէզը ,տան բնակիչներն ու դրացիները:Փոխուած էր նաեւ Ենիգիւղի բնակչութիւնը :Չկային այլեւս այն յոյն եւ հայ ազնիւ մարդիկը որոնք իրենց ներկայութեամբ տարբեր գեղեցկութիւն մը կուտային թաղին:Այո ',ամէն ինչ փոխուած էր բայց կար բան մը զոր կարելի չէր փոխել:Ասիկայ այն հողն էր որուն վրայ ժամանակին կը գտնուէր մեր փայտաշէն ամարանոցը :Այն հողը ուրկէ մենք բոլորս կուգանք եւ որուն պիտի վերադառնանք:
Օշին Էլակէօզ
3 Փետրուար 2010
Չորեքշաբթի
No comments:
Post a Comment