Subscribe

31 Jan 2010

Քեազըմ Քարապէքիր Փաշա եւ Հայ որբերը






Թրքական հեռատեսիլի կայաններէն մէկուն վրայ յայտագիր մը կար որ կը բաղկանար հարցազրոյցէ մը որուն պատուոյ հիւրը Օսմանական Կայսրութեան Փաշաներէն Քազըմ Քարապէքիրի դոստռռն էր:Որոշեցի հետեւիլ յայտագիրին մանաւանդ երբ անդրադարձայ որ հայ որբերու մասին է որ կը խօսուէր:Հրաւիրեալ տիկինը մեծ գովասանքով կը բացատրէր թէ իր հայրը Քարապէքիր Փաշա ինչպէս մեծ թիւով հայ որբերու կեանքը ազատած էր 1915 ի շրջանին եւ այս ըսելով յայտագիրը վարող միւս երկու անձերու հետ կը պատուէին ու կը բարձրացնէին Քարապէքիր Փաշաի անունը իր այս «ազնուական» վարուելակերպին համար:

Պահ մը թաղուած մնացի բազկաթոռիս մէջ ,աչքերս կը հետեւէին հեռատեսիլի պաստառին բայց միտքս ուրիշ բան կը մտածէր:Այդ անձերը որոնք կը գնահատէին Քարապէքիր Փաշան ըսելով թէ ան մեծ թիւով հայ որբերու կեանքը ազատած էր իր այս «ազնուական» վարուելակերպով մտածած էին արդեօք թէ ինչո՞ւ համար այդ տղաքը որբ մնածած էին ,ին՞չ էր պատճառը որ այդ երախաները կորսնցուցած էին ինենց ընտանիքը:Իրենց մայրերը ,հայրերը,եղբայրները,քոյրերը,մեծմայրերնու մեծհայրերը:Համաճարակ մը կամ բնական աղէ՞տ մըն էր արդեօք պատճառը որ մահացուցած էր այդ խեղճերուն հարազատները որբ ձքելով զիրենք, իրենց ապրած հողերուն վրայ ուր իրենց պապերը հազարաւոր տարիներէ ի վեր ապրած էին:Ոչ ոք կը խօսէր այս նիւթի մասին եւ բոլորն ալ գոհացած էին նիւթը պատմել իրենց տեսանկիւնէն դիտելով:Մարդ որքա՜ն անխիղճ պետք է ըլլայ որպէսզի բոլոր ազգի մը կրած ահռելի ողբերգութիւնը շահագործէ իր ընտանիքի անդամներէն մէկուն անունը բարձրացնելու համար:

Նախ անհիմն պատճառներ յառաջ քշելով բոլոր ազգ մը պիտի ագսորուի դէպի Սուրիոյ անապատները:Այս ագսորի ժամանակ այրերը եւ ծերերը ճամբան պիտի սպաննուին ամենավայրենի միջոցներով, յետոյ իրենց կիները եւ դուստռերը պիտի յափշտակուին եւ պիտի վերածուին աղախիներ այլ ազգի մը այրերու սերային նպատակներուն համար : Կիները պիտի բաժնուին իրենց ամուսիններէն,զաւակները իրենց մայրերէն,քոյրերը իրենց եղբայրերէն,ազգը իր հողէն: Բոլոր ազգ մը պիտի հեռացուի իր ծննդաւայրէն եւ իր հօրենական միջավայրէն ու պիտի ոչինչացուի: Յետոյ բոլոր այս եղեռնը կազմակերպող կայսռութեան փաշաներէն մէկը այդ խեղճ ազգին անտէր մնացած երեխաները պիտի հաւաքէ ,անոնց անունը,լեզուն,հաւատքը ,ինքնութիւնը պիտի փոխէ , տղաքը պիտի թլփատէ ու պիտի իսլամացնէ եւ ի վերջոյ տարիներ վերջ ,անձեր պիտի ելլեն հեռատեսիլի պաստառի վրայ ու բոլոր այս պատահած դէպքերը արդարացնել պիտի չանան պնդելով թէ այսպէսով շատ մը հայ որբերու կեանքը փրկուած է:

Ու ՞ր են հիմա արդեօք այդ փրկուած հայ որբերը , կամ իրենց զաւակներն ու թոռները:Կրնա ՞ք զանոնք մէջտեղ հանել եւ ըսել «ահաւասիկ ասոնք են»: Եթէ Քարապէքիր Փաշա իրապէս ուզէր այդ հայ որբերը փրկել , զանոնք պետք էր փոխադրէր Պոլիս եւ հանձնէր Հայոց Պատրիարքարան որպէսզի այդ որեբերը պահէին իրենց ինքնութիւնը,լեզուն եւ կրօնքը: Ահաւասիկ այդ ժամանակ է որ իրենց մեծհայրերն ու մեծմայրերը Քազըմ Քարապէքիրի կողմէ փրկուած խումբ մը հայեր գոյութիւն պիտի ունենային հիմա որոնք պիտի վկայէին փաշայի վեհութեան մասին:Իսկ հիմայ դուք կը պատմէք եւ միայն դուք կը հաւատաք ձեր պատմածին:

Մինջ այսպէս զայրացած կը հետեւէի յայտագրին նկատեցի որ հեռատեսիլի պաստառի վրայ յայտագրին նամակի հասցեն կը տրուէր որպէսզի հետեւողներէն փափաքողները մասնակցին յայտագրին իրենց հարցումներով ու մեկնաբանութիւններով:Անմիջապէս անցայ համակարգիչիս առջեւ ու գրեցի իմ զգացումներս որոնք վերեւ գրած եմ եւ ղրկեցի յայտագրին ու սպասեցի որպէսզի տեսնեմ թէ ինչ պատասխան պիտի տային իմ ղրկաց նամակիս : Յայտագիրը վերջացաւ բայց իմ նամակս նկատի չառնուեցաւ կամ մենք բարի ըլլանք եւ ըսենք թէ ծրագրին ղրկուած բազմաթիւ նամակներուն պատճառած խճողութեան մէջ իմ ղրկածս կորսուեցաւ գնաց այնպէս ինչպէս կորսուեցան , գացին Քարապէքիրի կողմէ «իբր թէ» փրկուած հայ որբերը:



Օշին Էլակէօզ
1 Փետրուար 2010
Երկուշաբթի

3 comments:

Արթին Առաքելեան said...

Օշին ջան, շատ հետաքրքիր գրութիւն էր, ես շատ ուրախ եմ, որ դու կրկին սկսած ես թարմացնել բլոգդ, հաւատայ հէնց այսքանով էլ մենք կարող ենք վառ պահել հայերէն հրապարակւող վեբլոգները, ի հարկէ այսքանից աւելին էլ ցանկանլի կը լիներ, բայց ինչպես բոլորը գիտեն այսօրւայ աշխարհը թյլ չի տալիս որ աշխատանքի կողքին, գրել ընդարձակ գրութիւններ, ուրեմն ուրախ եմ, որ դու կրկին միացար հայերէն բլոգերների ընտանիք:
Ի դեպ վերջում ասեմ, որ գրութեան այս բաժինը շատ հաւանեցի.
" Ուր են հիմա արդեօք այդ փրկուած հայ որբերը , կամ իրենց զաւակներն ու թոռները:Կռնաք զանոնք մէջտեղ հանել եւ ըսել «ահաւասիկ ասոնք են»: Եթէ Քարապէքիր Փաշա իրապէս ուզէր այդ հայ որբերը փրկել , զանոնք պետք էր փոխադրէր Պոլիս եւ հանձնէր Հայոց Պատրիարքարան որպէսզի այդ որեբերը պահեն իրենց ինքնութիւնը,լեզուն եւ կրօնքը: Ահաւասիկ այդ ժամանակ է որ իրենց մեծհայրերն ու մեծմայրերը Քազըմ Քարապէքիրի կողմէ փրկուած խումբ մը հայեր գոյութիւն պիտի ունենային հիմայ որոնք պիտի վկայէին փաշայի վեհութեան մասին:Իսկ հիմայ դուք կը պատմէք եւ միայն դուք կը հաւատաք ձեր պատմածին: "
Սա շատ հետաքրքիր թեմա է եւ կարելի է աւելի աշխատել վրան, երբ իրենք թուրքերն են խօսում հայ որբերի մասին:

Մնաս ուրախ եւ առողջ
Քո Արթին

Raffi said...

Այս գրութիւնդ կարդալուս ընթացքին, չկրցայ չյիշել քաջառի Պրն. Հրանդ Կիւզէլեանը, որ 1960-էն սկսեալ Անատոլուի շրջանները պտտեցաւ, գտնելու որբեր որոնք պիտի թրքանային ժամանակին ընթացքին: Ան շատ մը հայ որբեր փրկեց եւ ազատեց ու հայ մեծցուց Թուզալայի Հայ Պատանեկան Տունին մէջ: Այս որբերէն էր Հրանդ Տինքը, եւ աշակերտներէն էր Ռաքէլ Տինքը, որոնք այս Camp-ին մէջ ծանօթացան ու պսակուեցան:

Vahan48 said...

Օշին ջան վերջապէս նորէն գրիչդ (coputer)առիր ու մտքերդ գրեցիր: Երկար ատեն էր որ կը սպարէի Պոլիսէն նոր մտգեր: Գիտես հայերս աշխարհքիս չորս կողմը ցրուած նոյն զգացմունքները ունինք, բայց կը խորհիմ որ ով թուրքիոյ մէջ կ՛ապրէ իրապէս դժուարութեամբ կը դիմանայ այս զգացմունքներուն:
ciao
Vahan