Subscribe

27 May 2007

Հայերէն լեզուն եւ մ եր էութիւնը


Համացանցի վրայ հայերու եւ հայերէնի մասին գրութիւններ կը խուզարկէի:Ի վերջոյ գտայ հայերէն լեզուի մասին գրութիւններ պարունակող կայքէջ մը ուր կար գրութիւն մը որ զիս շատ տպաւորեց:Կայքէջը Հայերէն Լեզուի գիւտի մասին տեղեկութիւններ տալէ վերջ գրած էր հետեւեալը.Հայերէնը ,Հայ Ազգին համար յառաջիկային իրենց գտնուելիք ամենադժնդակ պայմաններու մէջ իսկ իրենց էութիւնը պաշտպանող ամենակարեւոր տարրը պիտի ըլլար:
Որքան տպաւորիչ ,այդ կայքէջը անդրադարցած էր որ Հայերէն Լեզուն ,Հայ Ազգին համար իր փրկութեան ամենակարեւոր տարրըն էր:Հապա մենք ո՞րքան գիտակից ենք արդեօք այս իրականութեան:Նկատի առնելով որ մեր համայնքին մէջ հայախօս անձերու թիւը հետզհետէ կը նուազի ,մեր երիտասարդութիւնը հետզհետէ կը հեռանայ հայերէնէ ,հայ թերթ կարդացողներու թիւը կը նուազի օր է օր չեմ կարծէր որ շատեր գիտակիծ են այս իրականութեան:
Մայրը իր զաւկին հետ հայերէն չի խօսիր ,մեր վարժարաններուն մէջ աշակերտները իրարու հետ հայերէն չեն խօսիր եւ հայերէնը դժբախտաբար օր է օր իր կարեւորութիւնը կը կորսնցնէ նոր սերունդին մօտ:
Աշակերտի մը կամ երիտասարդի մը երբ հայերէն հարցում մը ուղղեմ ,անմիջապէս չի պատասխաներ.պահ մը կը սպասէ եւ յետոյ կը պատասխանէ:Ես կ’անդրադառնամ որ իմ ուղղած հարցումիս պատասխանի մասին նախ թրքերէն կը մտածէ ու յետոյ զայն հայերէնի կը թարքմանէ իր մտքին մէջ եւ միայն ատկէ վերջ կը պատասխանէ, որովհետեւ հայերէն մտածելու սովորութիւնը չունի:Իսկ հայախօս ընտանիքի մը զաւակը առանց տատամսելու անմիջապէս կը պատասխանէ գործածելով մաքուր հայերէն մը:
Տաղանդաւոր ուսուցիչ եւ գրագէտ Վահրամ Պուրմաեան որուն գրութիւնները միշտ հաճոյքով կարդացած եմ ,իր 22 Յունիս 1962 թուականը կրող Մարմարա թերթին մէջ հրատարակուած մէկ գրութեանը մէջ գրած է հետեւեալը .Այսօրուան աշակերտը աւելի բազմազբաղ,աւելի ջղային,աւելի դիւրաբեկ,աւելի կորովազուրկ է քան երէկուանը:Սինէման ,ձայնասփիւռը եւ քաղաքակրթութեան ստեղծած քօնֆօրը թուլցուցած,ցրուած են իր ուշադրութիւնը եւ անտրամադիր դարձուցած մտաւոր լուրջ աշխատանքի:
Եթէ անդրադառձաք հոս Պուրմաեան իբր քաղաքակրթութեան ստեղտծած քօնֆօր կը շեշտէ միայն ձայնասփիւռը եւ շարժանկարը, որովհետեւ այն ատեն միայն այս երկուքը գոյութիւն ունէին ,հիմակուան պէս մեր երիտասարդութիւնը հրապուրելիք հազարումէկ արուեստական առարկաներ գոյութիւն չունէին: Սակայն Պուրմաեան իբր վտանք կը նկատէր այս երկուքը այն ժամանակուայ երիտասարդ սերունդին այլասերումին համար:Իսկ ի՞նչ պիտի մտածէր արդեօք Պուրմաեան եթէ այսօր ապրած ըլլար:
Երբ մեր մայրերը կը խօսէին թրքերէն ,իրենց թրքերէն առոգանութենէն կը հասկցուէր թէ անոնք թուրք չէին ,իսկ հիմայ երբ հայ երիտասարդ մը հայերէն կը խօսի ,կարծէք թէ խօսողը իր մայրենի լեզուն խօսող հայ մը չէ այլ օտար մըն է որ հայերէն սորուած է եւ կը խօսի:
Պէտք է որ մենք միշտ տէր ըլլանք մեր Սուրբ Լեզուին ,որպէսզի մեր լեզուն ալ շարունակէ ծառայել մեր էութեան եւ մեր մշակոյթին պաշտպանութեան եւ շարունակումին :Տէր ըլլանք մեր լեզուին եւ զայն տարածենք ու իվերջոյ փոխանցենք մեր զաւակներուն ինչպէս մեր պապերը ըրին հակարակ որ ապրեցան ինչ ինչ տանջանքներ ,հալածանքներ ու կոտորածներ:

Օշին Էլակէօզ

Մարմարա 11 Յունիս 2007

1 comment:

Anonymous said...

Տարօրինակ է որ ամէն մէկ սերունդ կը քննադատէ իրեն յաջորդող սերունդը:

Այսօր ձայնասփիւրը եւ շարժապատկերը կը գործածուին հայկական դատին մասին տարածելու համար:Իմ կարծիքովս ամէն մէկ նոր ստեղծագործութիւն ու մէքէնայական նորութիւններ կրնան հայերէնի եւ հայութեան տարածման գործածուին եւ օգտագործուին:

Բաստը սա է, թէ մենք համացանցին վրայ Հայերէնի այբուբենով կը հաղորդակցինք: Ժամանակն է որ այս միջոցէն լիովին օգտուինք:

Ջէրմօրէն՝
Ռաֆֆի