6 Jun 2012
Չուղարկուած Նամակը
Հազիւ չորս տարեկան մանուկ մըն եմ եղեր երբ մեծհայրս Վահրամ Էլակէօզ կը մահանայ,հետեւաբար ես զինք չեմ յիշէր:Ան կը տառապի եղեր սրտի անբաւարարութենէ : Բժիշկները պահեցողութեան խիստ ցանկ մը կը պատրաստեն եւ կը յանձնարարեն որ հնազանդուի այդ ցանկին, որպէսզի մեծ հայրս իր առողջութեան համար վնասակար ուտելիքներ չուտէ:Մեծ մայրս ալ մտահոգուած ըլլալուն համար իր ամուսնոյն առողջութեամբ, խստօրէն կը հետեւի եղեր բժիշկին ազդարարութեան: Մեծ հայրս համեղ եւ որակաւոր ճաշեր ուտել սիրող բծախնդիր մէկը ըլլալով, միշտ կը գանգատի եղեր որ պահեցողութեան ճաշերը անհամ են:Այս պատճառաւ խեղճ մեծ մայրս մեծ ջանք կը թափէ եւ եփած ճաշերուն մէջ զանազան համեմներ աւելցնելով կը ջանայ եղեր եփած պահեցողութեան ճաշերը կարելի եղածին չափ համովցնել որպէսզի մեծ հայրս չի ձանձրանայ պահեցողութեան անհամ ճաշերէն: Ան ի վերջոյ իր վաթսունական տարիքին սրտի տագնապի մը հետեւանքով կը մահանայ:
Կը յիշեմ որ երբ ես տակաւին նախակրթարանի աշակերտ մըն էի, մեծ մայրս տան մէջ երբեմն կ'առանձնանար եւ գրպանէն թաշկինակը հանելով կսկսէր անձայն լալ եւ արցունք թափել:Երբ հարցնէինք իրէն թէ ինչու կուլար,ան իր արցունքոտ աչքերով ու գլխիկոր մեզ կը պատասխաներ թէ կարօտցած էր իր սիրելի Վահրամը:
Անցան շուրջ քսանհինգ տարիներ:Այս ժամանակամիջոցի մէջ իմ ուսման շրջանս լրացաւ,կատարեցի զինուորական պարտականութիւնս եւ սկսայ աշխատիլ հաստատութեան մը մէջ: Բոլոր այս տարիներու տեւողութեան եւ մինչեւ իր կեանքի վերջին շունչը, կը տեսնէի որ մեծ մայրս թեր կը շարունակէր երբեմն առանձնանալ մեր տան մէկ անկիւնը, գրպանէն կը հանէր թաշկինակը եւ կսկսէր արցունք թափել իր սիրելի ամուսնոյն համար:Երբեմն ալ ինքն իրէն կը խօսէր ու կ'արտասանէր հետեւեալ նախադասութիւնը. <<Ախ Վահրամս,ինծի խօսք տուած էիր որ ինձմէ վերջ պիտի երթայիր:Խոստումդ չի պահեցիր>>:
Երբ կը տեսնէի մեծ մօրս այս վիճակը կը զարմանայի թէ ինչպէս կարելի էր գոյութիւն ունենալ այսչափ զօրաւոր սէր մը որ իր ամուսինին մահացած օրին վրայէն քսանհինգ տարիներ անցած ելլալով հանդերձ, մեծ մայրս թեր առաջին օրուան պէս իր սուգը կը պահէր եւ իր ետեւէն կուլար անսահման կարօտով:Այս ինչ սէր էր, որ իր վրայէն քառորդ դար անցած ըլլալով հանդերձ թեր վառ պահած էր իր կրակը: Երբեք չէի հասկցած նաեւ մեծ մօրս իր ամուսինին ուղղած այդ նախադասութեան իմաստը իր արտասուած ժամանակ. <<խօսք տուած էիր որ ինձմէ վերջ պիտի երթայիր >>:
Մինչ մարդիկ իրենց սիրելիներուն կը մաղթէին երկար տարիներ, ի՞նչպէս կարելի էր որ իմ մեծ հայրս իր շատ սիրած կնոջ ձեւով մը մաղթած ըլլար որ ան իրմէ առաջ մահանար:
Անցեալ օր հօրս անկողնին տակ գտայ հին ճամպրուկ մը որուն մէջ կային հին, սեւ ճերմակ նկարներ եւ քանի մը հատ դեղնած ու մաշած թուղթի կտորներ, որոնց վրայ գրութիւններ գրուած էին:Մեծ հետաքրքրութեամբ սկսայ զանոնք կարդալ:Անոնցմէ մէկը ուշադրութիւնս գրաւեց որովհետեւ գրուած էր իմ մեծ հօրս Վահրամ Էլակէօզի կողմէ 1961 թուականին այսինքն իմ ծնելէս մէկ տարի առաջ:Նամակը ուղղուած էր մեր ընտանիքի մէջ շատ յարգուած ու սիրուած մէկ բարեկամի բայց իրէն չէր ղրկուած, ապա թէ ոչ այժմ իմ հօրս մօտ պիտի չի գտնուէր:Չեմ գիտէր թէ ինչու՞ համար մեծ հայրս նամակը գրելէ վերջ իր հասցէին չէր ղրկած եւ քանի որ չէր ղրկած ինչու՞ համար զայն պահած էր այդքան տարի:
Ստորեւ կը հրատարակեմ մեծ հայրս Վահրամ Էլակէօզի նամակը հաւատարիմ մնալով իր բնօրինակին:
Ենիգիւղ, 17.10.1961
Ամենամտերիմնիս Մելինէ.
Երբ խոհանոցը տեսայ թէ Աննաս ջանք կը թափէր ուտելիքներու սահմանափակ եւ միօրինակ տեսակներուն ախորժաբեր համ տալու, զինքը քաջալերելու եւ ապագայիս մասին յոյս ներշնչելու նպատակաւ .
- Մի վախնար Աննաս , քեզի համար եւ երկար ապրելու համար diéte պիտի ընեմ եւ նոյն իսկ քեզմէ վերջ երթալու պիտի ջանամ ըսի խնթալով:
- Ախ ոչ',ոչ' ինձմէ վերջ , ըսաւ եւ լալագին ինծի փաթթուեցաւ :
Կ'երեւի չուզելով ինծի ուրիշին ձեռքը եւ ուրիշին խնամքին յանձնել . Չի կրցայ բան մը ըսել եւ հեռացայ քովէն յուզուած եւ այն գիշեր անկողնիս մէջ լացի եւ լացի մենակ, որովհետեւ մինչեւ հիմա կարդացած ոչ մէկ գրքի մէջ,ոչ մէկ բեմի եւ կամ ecran ի վրայ կնոջ մը իր ամուսնոյն հանդէպ այս տեսակ sublime զգացումի արտայայտութեան մը չեմ հանդիպած:
Հիմա կ'ուզեմ որ գոնէ այս երկտողս պահես եւ երբ օր մը . ...... ապագային զինքը տեսնաս ըսես թէ փափաքը հասկցած եմ եւ երախտապարտ եմ իրէն:
Մնամ շնորհակալութեամբ
Վահրամ
Երբ կարդացի այս նամակը, տարիներ վերջ հասկցայ իմ մեծ հօրս տարիներ առաջ իր կնոջ ըրած, բայց իրմէ անկախ պայմաններու բերմամբ իրականացնել չի յաջողած խոստումին իմաստը:Հասկցայ թէ անոնք ոչ մէկ վախ ունէին մահէ, այլ կը վախնային որ եթէ անոնցմէ մէկը միւսէն առաջ մահանար, մնացողը բոլոր իրէն պարգեւուած կեանքի տեւողութեան առանձին ու զրկուած պիտի մնար առաջինին սէրէն, խնամքէն ու գոյութենէն, ուստի անոնք իրարու խոստացած էին իրարմէ վերջ մահանալ որովհետեւ անոնք զոհողութիւն կը նկատէին ոչ թէ աւելի կանուխ մահանալը այլ աւելի երկար ապրիլը առանց իրարու սէրը վայելելու:
Մեծ հայրս իր խոստումը չէր կրցած իրականացնել:Աստծոյ կամքը չէր արտօնած որ ան իրականացնէ իր խոստումը:
Չեմ գիտեր թէ այս դարուս ամուսնութիւններու մէջ մնացա՞ծ է այլեւս այսպէս անփոխադարձ սէրի մը նշանակութեան գաղափարը,եւ գոյութիւն ունի՞ արդեօք իրարու հանդէպ այսչափ մեծ յարգանք:Կը տեսնենք զոյգեր որոնք մեծ գումարներ ծախսելով շքեղ պանդոկներու մէջ հարսնիքներ կը կազմակերպեն ու կ'ամուսնանան հարիւրներով հրաւիրեալներու ներկայութեամբ առանց նոյնիսկ Ս.Պսակի խորհուրդին իմաստը գիտնալու:Երբ պսակի արարողութեան ժամանակ քահանան զոյգերուն կը հարցնէ եւ խօսք կ'առնէ անոնցմէ թէ բոլոր կեանքի տեւողութեան իրենց լաւ ու վատ օրերուն անոնք միշտ թիկունք պիտի ըլլան իրարու, երկուքն ալ ինքնաբերաբար կը պատասխանեն <<այո’>> առանց գիտնալու այդ այոյին իրենց ուսերուն վրայ բեռնաւորած ծանր պատասխանատուութիւնը:Իսկ յետոյ կեանքի ելեւէջքներով լի ճանապարհին վրայ իրենց դէմը ելող առաջի խոչընդոտութենէ վերջ պսակը կը լուծեն կը քանդեն իրենց ընտանիքը,առանց ջանալու քիչ մը զոհողութիւն ընել որպէսզի չի քանդուին ընտանիքներ, չի տառապին զաւակներ:Ներկայ դարուս նիւթապաշտ ապրելակերպին մէջ վերացական ու հոգեկան արժեգները այլեւս իրենց իմաստը կորսնցուցած են դժբախտաբար:Բոլորին բերանը ծամոցի նման կայ այդ այլեւս նորաձեւութեան վերածուած խօսքը <<անձնական կեանքը ապրիլ >>:Ապրիլ կեանք մը առանց գիտնալու թէ ինչու կապրուի, առանց պատասխանատուութեան զգացումի, առանց զոհողութեան, առանց սէրի զգացումի,առանց ուրիշի նկատմամբ յարգանքի, առանց ազգային եւ մշակութային արժէքներու գիտակցութեան:
Եթէ այսպէս կեանք մը ապրելու համար կարելի է ըսել մարդու վայել կեանք մը ապրիլ:
Օշին Էլակէօզ
Պոլիս - 28 Մայիս 2012
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
2 comments:
Ճշմարիտ, անանձնական եւ անձնազոհ սէրը վայելելու արժանացած կողակիցներ էին մեր վաղաժամ մեկնող մեծայարգ նախնիները: Ընտանեկան կրթութիւնը շատ մեծ դեր կը կատարէր հոգեկան զարգացման ու նրբամտութեան ըմբռնումին վրայ: Երանի՜ նման սէրը ապրող զգայուն ու փափուկ հոգիներուն...:Շնորհակալութիւն Օշին ջան, այս սրտառուչ գրառումին համար:
Touching, and well said,
Jirair
Post a Comment