
Ճամբորդութիւն մը դէպի մեր մարմնին խորքերը
Բնաւ չէի կրնար երեւակայել թէ մարդուս մարմինը իր մահէն վերջ այսչափ արժէքաւոր եւ յաւիտենական առարկայի մը կրնայ վերածուիլ, նոյնպէս ալ բնաւ չէի կրնար երեւակայել թէ այդ նոյն մարմինը այսչափ խայտառակ վիճակի մը մէջ կրնար ցուցադրուիլ:
Իրարու ներհակ այս երկու զօրաւոր զգացումները միասնաբար կ’ապրէի երբ կ 'այցելէի Գառագիւղի,İstanbul Modern ցուցադրութեան կենդրոնին մէջ ցուցադրուած Body Worlds ցուցահանդէսը որ գլուխգործոց մըն է իր տեսակին մէջ եւ մինչեւ դեկտեմբեր ամսու վերջ բաց պիտի մնայ ժողովուրդի այցելութեան համար:
Ցուցահանդէսի սրահը կարծես բաց գերեզմանատուն մըն է ուր փոխանակ պտըտելու գերեզմաններու եւ դամբանաքարերու միջեւ կը պտըտիք մեռեալներու միջեւ որոնք ոտքի կեցած ձեզ կը նային,կը խնդան ,կը պարէն եւ ձեզի կընկերակցին ցուցահանդէսի տեւողութեան:
Ցուցահանդէսը կը բաղկանայ գերմանացի մարդախօս (antropolog) փրոֆէսէօր Gunther Von Hagens ի կողմէ հնարուած գիտարուեստով մը, դիակներու plastinasyon է այսինքն դիակներուն իրենց մահէն վերջ փլասթիքի վերածուելէ:Փրոֆէսէօր Hagens մահէն վերջ իրենց մարմինը այս նպատակի համար իր հաստատութեան նուիրող անձերուն մարմինները, իր հնարած plastination թեքնիկը գործածելով զանոնք մարդակազմութեան մէկմէկ սքանչելիքի վերածելով կը ցուցադրէ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի ցուցադրութեան կենդրոններուն մէջ:Բայց դիակին այս կերպարանքը տալու համար շուրջ մէկ տարի կաշխատին անոր վրայ, մինչեւ որ անիկայ ցուցադրուելու համար հարմար կերպարանք մը առնէ:

Նոր մահացած անձի մը մարմնին նախ ամբողջ արիւնը կը պարպեն: Յետոյ ասէթոնի մէջ պառկեցնելով երակներուն եւ մարմնին մէջ գտնուող բոլոր մանրէները կ 'ոչնչացնեն որպէսզի մարմինը չի փտի:Յետոյ մարմնին մորթը բոլորովին կամ ալ մասամբ կանջատեն իրմէ, այնպէս որ տակէն մկանները իրենց ամբողջ գեղեցկութեամբ մէջտեղ կ’ելլեն:Ինչպէս որ մսավաճառ մը մեծ ուշադրութեամբ ջիղը կը զատէ միսէն,նոյնպէս դիակին ալ որոշ մասերը կանջատուին մարմնէն:Վերջապէս դիակը յատուկ վրանի մը մէջ կ’առնուի եւ հոն մարմնին առաջուընէ ծրագրուած կեցուածքը կը տրուի ու չուաններով կ’ամրապնդուի եւ յատուկ կազի մը միջոցաւ մարմինը փլասթիքի կը վերածուի:
Ինչպէս ըսի գրութեանս սկիզբը, բնաւ չէի կրնար երեւակայել որ մարդուս մարմինը իր մահէն վերջ այսչափ արժէքաւոր առարկայի մը կրնար վերածուիլ եւ հարիւրաւոր տարիներ եւս շարունակել ապրիլ հանրածանօթ ցուցադրութեան կենդրոններուն մէջ, հարիւր հազարաւորներու զմայլած նայուածքին տակ:Ընդհանրապէս երբ կը մահանանք մեր մարմինը հողին կը յանձնուի եւ կարճ ժամանակէ մը վերջ կը սկսի փտիլ ու որդնոտիլ:Բայց փրոֆէսէօր Hagens ի հրաշագործ հնարքին շնորհիւ մահացողին մարմինը իր մահէն վերջ իր կեանքի տեւողութեան ապրած տարիներէն քանի մը անգամ աւելին կ’ապրի ցուցադրութեան կենդրոններուն մէջ շրջապատուած հարիւր հազարաւոր հրաւիրեալներէ եւ երբեք առանձին չի մնար: Բայց կայ նաեւ տարբեր երեսակ մըն ալ . բնաւ չէի կրնար երեւակայել թէ մարդուս մարմինը իր մահէն վերջ այսչափ խայտառակ վիճակի մէջ կրնար ցուցադրուիլ հարիւր հազարաւոր այցելուներու դիմաց բոլորովին մերկ, զուրկ որեւէ հագուստէ եւ նաեւ իր մորթէն որ մարդուս մարմնին բնական հագուստն է:

Արդեօք պիտի ուզէի՞ որ մահէս վերջ իմ մարմինս ալ այդպէս ցուցադրուէր: Կարծեմ թէ երբեք պիտի չկարենամ այս հարցումին ճիշտ պատասխան մը տալ:
Կայ նաեւ Քրիստոնէական հաւատքս ալ որ զիս կը զսպէ այսպէս որոշում մը տալէ, որովհետեւ ըստ Քրիստոնէական հաւատքին, անձ մը մեռնելէ վերջ կրօնական յուղարկաւորութեան պէտք է ենթարկուի եւ հողին յանձնուի:Ինչպէս գրուած է . << հողէն է սերած մարմինը եւ ի հող պիտի վերադառնայ>> :Բայց ճիշտը ըսելու համար, երբ կը մտածեմ մարմինս թաղուած պաղ, խոնաւ ու մութ հողին մէջ , ճզմուած հարիւրներով քիլօ հողին ծանրութեան տակ որ կարճ ժամանակէ մը վերջ պիտի սկսի փտիլ ու որդնոտիլ, ցուցադրուելու գաղափարը լուսաւոր եւ արդիական ցուցադրութեան կենդրոնի մը մէջ, ձմեռը տաք ամառը զով, շրջապատուած շքեղ հրաւիրեալներէ’ շատ աւելի հրապուրիչ կը թուի:

Մասնաւորապէս կ’առաջարկեմ բոլոր ընթերցողներուն որ այցելէն ցուցահանդէսը որ միակն է իր տեսակին մէջ:Իսկապէս ափսոս պիտի ըլլայ չայցելել այս աստիճան տարօրինակ ցուցահանդէս մը որ եկած է մինչեւ մեր քաղաքը:Կը հաւատամ որ ամէն անձ պէտք է գոնէ անգամ մը այցելէ այս ցուցահանդէսը եւ անձամբ որոշէ թէ արդեօք պիտի փափաքէր որ իր մահուընէ վերջ իր մարմինը շարունակէր ապրիլ հարիւրաւոր տարիներ եւս կամ պիտի նախընտրէր հողին յանձնուիլ եւ ոչնչանալ:
Օշին Էլակէօզ
24 Յունիս 2010
1 comment:
հմմմ...իսկապես որ տարօրինակ ցուցահանդես է...նեկրոֆիլյան խրախճանք է հիշեցնում...
Post a Comment