Subscribe

23 Apr 2010

Թուրքիա կը որդեգրէ նոր սահմանադրութիւն մը, բայց...........




Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքական կացութիւնը տակնուվրայ է դարձեալ:Կառավարութիւնը, կը ցանկայ երկրին մայր սահմանադրութիւնը փոխել եւ մարդկային իրաւունքներու սկզբունքի վրայ հիմնուած, ժողովրդավարական, ոչ զինուորական սահմանադրութիւն մը որդեգրել: <<Ոչ զինուորական սահմանադրութիւն >> կըսեմ որովհետեւ այժմ ի զօրու եղող սահմանադրութիւնը, 1980 թուականին իրականացած զինուորական յեղափոխութենէն վերջ, այդ յեղափոխութիւնը կատարող զինուորականներու կողմէ պատրաստուած սահմանադրութիւն մըն է որ յաճախ կը քննադատուի այն պնդումով թէ ժողովրդավարական սահմանադրութիւն մը չէ:Շատ մը Թուրք մտաւորականներ եւ Թուրք հայրենակիցներուն մեծ մասն ալ կը զօրակցին կառավարութեան այս որոշումին:Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները եւ Թուրք հայրենակիցներուն մէկ մասը, մանաւանդ Քեմալական մտայնութիւն ունեցող մտաւորականները եւ հայրենակիցներն ալ դէմ են կառավարութեան այս որոշումին:Անոնք կը պնդեն թէ, կառավարութիւնը որ ըստ իրենց Իսլամական քաղաքականութիւն մը կը վարէ, իր այս որոշումով կը ցանկայ Թրքական սահմանադրութեան եւ վարչակարգի մայր ազդակը եղող աշխարհավար վարչաձեւը տկարացնել եւ կամ բոլորովին ջնջել:Այս վերջինները կը նախընտրեն զինուորականներու կողմէ պատրաստուած սահմանադրութիւն մը քան թէ հիմա իշխող կառավարութեան կողմէ պատրաստուած սահմանադրութիւն մը : Թուրք հայրենակիցները բաժնուած են երկուքի:Անոնք որոնք կը զօրակցին կառավարութեան որոշումին , եւ անոնք որոնք դէմ են այս որոշումին եւ այս երկու կողմերուն մէջ զօրաւոր հակամարտութիւն մը կը տիրէ:


Իսկ մեզի՞ համար, այսինքն Թրքահպատակ ոչ իսլամական փոքրամասնութիւնները եղող Հայ, Յոյն Հրեայ եւ այլ ոչ-իսլամական հայրենակիցներուն համար ո՞րն է արդեօք նպաստաւորը, մենք այս երկու կողմերէն ո՞ր մէկուն պէտք է որ զօրակցինք : Առաջին ակնարկին այդպէս կերեւի թէ ոչ զինուորական կառավարութեան մը կողմէ պատրաստուած ,մարդկային իրաւունքի սկզբունքներու վրայ հիմնուած, ժողովրդավարական սահմանադրութիւն մը շատ աւելի նպաստաւոր է երկրին բոլոր հայրենակիցներուն համար, բայց նոյնչափ կարեւոր է այս սահմանադրութեան իր բոլոր յօդուածներովը բոլոր հայրենակիցներուն համար գործադրուիլը: Սահմանադրութիւն մը, որչափ որ ալ ժողովրդավարական եւ մարդկային իրաւունքի չափանիշներու վրայ հիմնուած ըլլայ, եթէ իր բոլոր յօդուածներով, բոլոր հայրենակիցներուն համար հաւասարապէս չի գործադրուիր կամ եթէ մասամբ եւ քմահաճ կարգադրութեամբ կը գործադրուի իր նպատակին չի ծառայէր: Հիմա ի զօրու եղող սահմանադրութեան առաջին յօդուածներէն մէկուն մէջ նշուած է հետեւեալը << Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ հայրենակցական կապ ունեցող ամէն անձ, առանց նկատի առնելու իր կրօնքի,լեզվի կամ ցեղային տարբերութիւնը, Թուրք ըլլալով կընդունուի>>Այս նախադասութիւնը իր ամենէն անմեղ իմաստովը սապէս կարելի է մեկնաբանել . Թրքական Հանրապետութեան հպատակ եղող բոլոր հայրենակիցները առանց իրենց մէջ որեւէ խտրութիւն դրուելու Թուրք հայրենակիցներ ըլլալով կընդունուին եւ հաւասար իրաւունքներ ունին բոլոր միւս հայրենակիցներուն հետ:Ասիկա տեսական ըլլալով այդպէս է բայց գործնական ըլլալով այդպէս չի գործադրուիր:Այսօր, Թուրքիոյ մէջ մահմետական կրօնքի չի պատկանող ոչ մէկ հայրենակից պետական պաշտօնեայ չի կրնար ըլլալ: Ոստիկան,զինուոր,դատախազ,դատաւոր,ջրհան , Թուրք ազգային օդանաւային հաստատութեան պաշտօնեայ եւ այլ ինչ պաշտօններ որոնք կը պատկանին պետական հաստատութիւններու, անոնց մէջ Հայ մը ,Յոյն մը կամ Հրեայ մը կամ այլ ուրիշ իսլամ կրօնքի չի պատկանող հայրենակից մը չի ընդունուիր իբրեւ պաշտօնեայ հակառակ անոր որ սահմանադրութեան մէջ նշուած է ընդհակառակը: Մենք, թրքահպատակ ոչ-իսլամ հայրենակիցներս հակառակ անոր որ մեր հայրենակցական բոլոր պարտականութիւնները անթերի կը կատարենք, մեր տուրքերը կը վճարենք, մեզի արտօնութիւն չի տրուիր որպէսզի պետական հաստատութեան մը մէջ պաշտօնավարենք:Սահմանադրութեան մէջ այսպէս պայման մը չկայ բայց կերեւի թէ կան որոշ <<խորունկ պայմաններ>> որոնք կը գերազանցեն երկրին մայր սահմանադրութիւնը եւ կարգիլեն որ մենք պետական հաստատութիւններու մէջ պաշտօնավարենք:

Նոր սահմանադրութեան դէմ եղողները զգուշութեան կը հրաւիրեն հայրենակիցները պնդելով թէ կառավարութիւնը կը ցանկայ Թուրքիոյ աշխարհավար վարչաձեւը Իրանի նման իսլամական վարչաձեւի մը վերածել:Բայց անոնք չեն տեսներ այն իրականութիւնը թէ Իրանի մէջ անգամ որ կը տիրապետէ իսլամական վարչաձեւ մը, կան Հայ պետական պաշտօնեաներ իսկ Թուրքիոյ մէջ որ աշխարհավար եւ ընկերվարական վարչաձեւ մը գոյութիւն ունի ոչ-իսլամականները չեն ընդունուիր պետական հաստատութիւններու մէջ իբրեւ պաշտօնեայ:

Կարեւորը նոր օրէնք մը հանելը կամ նոր մայր սահմանադրութիւն մը որդեգրելը չէ այլ որդեգրուած սահմանադրութեան առանց բացառութեան գործադրուիլն է:

Հետեւաբար, թէ մեզի եւ թէ բոլոր հայրենակիցներուն համար նպաստաւոր եղող սահմանադրութիւնը այն մէկն է որ առանց խտրութեան , առանց բացառութեան եւ հաւասարապէս կը գործադրուի երկրին բոլոր հայրենակիցներուն համար:


Օշին Էլակէօզ
23 Ապրիլ 2010

No comments: