Թրքական Թարաֆ թերթի քրոնիկագիր Այհան Աքթար 21 Մարտ թուակիր իր յօդուածին մէջ Թրքական բանակի մէջ հարիւրապետ եղող Սարգիս Թորոսեանի յուշերը գրի արած էր:Թորոսեան առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ մասնակցած է Չանաքքալէի <<Տարտանել>> պաշտպանութեան պատերազմին: Պատերազմի ժամանակ վիրաւոր վիճակի մէջ կռուելով պաշտպանած է գտնուած դիրքը: Այհան Աքթար իր գրութեան մէջ կը քննադատէր Թուրք պետութեան այն մտայնութիւնը թէ, հակառակ անոր որ Թորոսեան քաջութեամբ իր պարտականութիւնը կատարած է, Հայ ըլլալուն համար իր անունը չէ նշուած ազգային պատմութեան մէջ:Ընդհակառակը, երբ Թորոսեան կը պատերազմէր թշնամիի դէմ պաշտպանելու համար իր հայրենիքը, Իթթահականները իր ընտանիքը կ 'աքսորեն դէպի մահաբոյր անապատներ:Աքսորի ճամբուն վրայ իր մայրը եւ հայրը կը սպաննուին իսկ իր քոյրը կը յաջողի գտնել երկար պրպտումներէ ետք բայց այլեւս ուշ է որովհետեւ խեղճ աղջիկը իր կրած տառապանքներու հետեւանքով թոքախտ եղած է եւ կարճ ժամանակ վերջ ան ալ կը մահանայ:
Երբ կարդացի այս պատմութիւնը նշմարեցի թէ հարիւտապետ Թորոսեանի պատմութիւնը որքան կը նմանէր իմ մեծհօրս պատմութեան:Իմ մեծ հայրս Յակոբ Աքչա երկար տարիներ զինուորութիւն ըրած է թրքական բանակի մէջ առաջին համաշխարհային պատերազմի տարինրուն:Ամէն անգամ որ իր զինարձակման ժամանակը կուգայ նոր պատերազմ մը կը հռչակուի եւ չի կրնար տուն վերադառնալ:Այսպէսով կը մասնակցի Չանաքքալէի եւ Թրքական անկախութեան պատերազմներուն:Այս պատերազմներու ընդացքին երկու անքամ կը վիրաւորուի եւ ի վերջոյ պատերազմը կը վերջանայ եւ կը զինարձակուի: Հակառակ անոր որ անկախութեան պատերազմի մասնակցող զինուորներուն պատուոյ շքանշան կը տրուի, Հայ ըլլալուն համար իրէն չի տրուիր: Աւելի ցաւալին ան է որ, այն տարիներուն որ ինք կը պատերազմէր թշնամիի դէմ Թրքական բանակի մէջ, այն աղջիկը որ տարիներ վերջ իր կինը պիտի ըլլար եւ նոյնպէս իմ մեծ մայրս, կ’ապրէր իր ոդիսականը երկրին ուրիշ մէկ քաղաքին մէջ:
Իմ մեծ մայրս Անիթա Տաւուլճու, իր երկու եղբօր, չորս քրոջ եւ մօրը հետ կ'ապրէր Անքարայի Պաղճըլար թաղի մէջ ուր ընտանեօք կը զբաղուէին այգեգործութեամբ:Անիթայի մեծ եղբայրը, Գրիքոր պետութեան կողմէ կը կանչուի << ամելէ թապուրու>> կոչուած եւ միայն ոչ իսլամականներու յատկացուած զինախոմբերէն մէկուն մէջ ծառայելու համար: Որ այս խումբերը շատ վատ պայմաններու տակ կը գտնուէին ու միայն բանուորային աշխատանք կը տանէին: Կ'երթայ ու այլեւս ետ չի վերադառնար:Իսկ իրենք, իր փոքր եղբօրը Փիէրի, իր չորս քրոջ եւ իր պառաւ մօրը հետ Անքարայէն կ'աքսորուին դէպի Քոնիա:Աքսորի ժամանակ իր մայրը եւ իր չորս քոյրերը կը մահանան եւ կը լքուին ճամբու մէկ կողմը առանձ նոյնիսկ թաղուելու:Ես շատ փոքր էի երբ մեծ մայրս մահացաւ:Մայրս յետոյ ինծի պատմած էր իր մօրը եւ ընտանիքի պատմութիւնը:Անոնք երբ խումբով կ 'աքսորուին Անքարայէն դէպի Քոնիա, ճամբան ժանտարմաները իրենց մօտ գտնուող բոլոր ուտելիքները եւ ջուրը կը հաւաքէն ըսելով թէ անոնք շատ շուտ կը սպառէն իրենց ունեցած ուտելիքները եւ եթէ այսպէս շարունակէին կէս ճամբան առանց ուտելիքի եւ առանց կաթիլ մը ջուրի պիտի մնային:Ժանտարմաները երկար ճամբորթութիւններու վարժ ու մարզուած ըլլալով աւելի լաւ կրնային կառավարել սնանումի հարցը եւ այսպէսով ճամբորթութեան տեւողութեան ուտելիքի կարիքը պիտի չզգային:Ժանտարմաները այսպէս ըսելով կը հաւաքեն բոլոր իրենց ուտելիքները եւ ջուրը եւ այլեւս երբեք չեն վերադարձնէր իրենց սովի եւ ծառաւի մատնելով զիրենք իրենց իրկար ճամբորթութեան տեւողութեան:Ժանտարմաները չեն առտօներ նոյնիսկ որ ճամբու վրայ գտնուող ջուրի աղբիւրներէ ումպ մը ջուր խմեն կամ իրենց ուտելիք հայթայթեն: Խեղճերը այդպէս դժնդակ վիճակի մը կը հասնին որ կը ստիպուին իրենց մէզը հաւաքել անօթներու մէջ եւ խմել իբր ջուր:Այս պատճառաւ շատեր կը հիւանդանան եւ ճամբան կը մահանան:Կը մահանան նաեւ մեծմօրս քոյրերը եւ մայրը:
Իմ մօրս կողմը Կաթողիկէ էին եւ մեծմայրս կ'ըսէ եղեր թէ .իրենց կարաւանը Կաթողիկէ Հայերէ բաղկացած կարաւան մըն է եղեր, ու պետութիւնը Կաթողիկէ աշխարհէն գալիք հակազդեցութիւններէ քաշուելուն համար իրենց հետ աւելի գթութեամբ կը վարուին ու իրենք Առաքելական Հայերուն քաշած տառապանքները չեն քաշեր:Եթէ գթութեամբ վարուիլը այս է, երեւակայեցէք թէ Կաթողիկէ չեղող միուս աքսորեալները որոնք մեծամասնութիւնը կը կազմէին, ինչ խիստ տառապանքնու ենթարկուած են աքսորի մահաբոյր ճամբու վրայ:
Ափսո՜ս որ ես շատ փոքր էի երբ իմ մեծմայրս մահացաւ: Եթէ հիմայ ըլլար, անպայման գրի առած կ'ըլլայի իր յուշերը:
Մայրս, մահացաւ 26 Ապրիլ 2001 թուականին իսկ մօրեղբայրս 23 Նոյեմբեր 2009 թուականին ու մեծ մօրս ընտանիքէն ոչ ոք մնաց այլեւս:Կան մօրեղբօրս զաւակները այսինքն մեծմօրս թոռները որոնք Ֆրանսացի են եւ բոլորովին ձուլուած ըլլալով ոչ մէկ կապերնին մնացած է Հայութեան հետ:Վերեւ գրի առած մեծմօրս պատմութիւնը այնքանն է որ իմ մայրս պատմած է ինծի, ըսելով թէ իր մայրը բնաւ չէր խօսեր աքսորի ճամբու վրայ իրենց քաշած տառապանքներու մասին ուստի միայն այսչափը կրցած է պատմել տալ իրեն երբ մեռելոցի օրերուն իր մայրը <<ա՜խ>>քաշելով կը յիշէր իր հարազատները ըսելով << գերեզման մըն իսկ չունին որ այս մեռելոցի օրով վրանին երթամ եւ աղօթք մը ընեմ >>
Աստուած իրենց հոգին լուսաւորէ:
Օշին Էլակէօզ
27 Մարտ 2010
Յ.Գ.
Նկար
Առաչի շարքի վրայ աչին մեծմայրս,երկրորդ շարքի վրայ մէջտեղինը մեծհայրս
1 comment:
Շատ յուզիչ գրւածք է Օշին: Քանի հայ ընտանիքնրու յուշերւն կը համապատասխանի: Եւ սերունդները կ՛անցնեն ու յուշերն ալ կամաց կամաց կ՛անյետանան...
Post a Comment