Երբ "ֆութպոլային դիıանագիտութեան" շնորհիւ, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ մերձեցման մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, թէ հայկական եւ թէ թրքական կողմէ , մանաւանդ այս երկու երկիրներու ընդդիմադիր կուսակցութիւններու կողմէ շատ զորաւոր բողոքի ձայներ բարձրացան: Երկու կողմն ալ դէմ էր այս մերձեցման որովհետեւ երկու կողմն ալ զինք կը նկատէր քաղաքական տեսանկիւնէ իբրեւ <<պարտուած >>: Նկատի առած որ տրամաբանական ըլլալով երբ մէկ կողմ պարտուած նկատուի , միւս կողմ յաղթական պետք է որ նկատուի ,հոս ով ՞ էր յաղթականը:Ոչ ոք:
Երկու կողմն ալ զինք կը նկատէր իր պետութեան սխալ քաղաքականութեան մէկ զոհը:Հայկական կողմը զինք պարտուած կը նկատէր պնդելով թէ այս մերձեցման եւ փրոթոքոլներու պատճառաւ պետութիւնը կը հրաժարէր Թուրքիոյ կողմէ ձեղասպանութեան ճանաչման պայմանէն եւ Ղարապաղէն , իսկ Թրքական գողմն ալ զինք պարտուած կը նկատէր պնդելով թէ այսպէսով Թուրքիայ Ղարապաղի հակամարտութեան մէջ Ատրպէյճանը առանձին ձքած կ 'ըլլար ու հրաժարած կ 'ըլլար հայերուն կողմէ գրաւուած հողերը պարպելու մասին մինչեւ հիմա մշակած քաղաքականութենէն:
Ըստ իս ,երկու կողմն ալ պարապ տեղ կը մտահոգուին փրոթոքոլներու պատճառաւ որովհետեւ ոչինչ պիտի փոխուի այս երկու երկիրներուն մինչեւ հիմա մշակած քաղաքականութեան մէջ ու այս փրոթոքոլներու պատճառաւ ստեղծուած կացութիւնը պարզապէս << դիւանագիտական բեմադրութիւն>> մըն է:
Օպամա ԱՄՆ ի նախագահութեան ընտրապայքարի ժամանակ ,Ամերիկայի հայ կազմակերպութիւններուն խոստացած էր թէ եթէ ինք ընտրուէր պիտի ճանչնար Հայոց Ձեղասպանութիւնը:Երբ Օպամա ընտրութիւնները շահեցաւ եւ ԱՄՆ ի նախագայ ընտրուեցաւ Թուրքիա պետք էր դիւանագիտական քայլ մը նետէր տարհամոզելու համար Օպաման ,իր հայերուն տուած խոստումէն եւ ասոր համար ալ բոլոր միջամուխ երկիրներուն ազգային շահերուն ի նպաստ լաւ շարժառիթ մը պետք էր ներկայացնել:Ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը շատ մէծ առիթ մը ստեղծեց Թուրքիոյ որպէսզի իր նպատակը իրականացնէ : Այսպէսով Թուրքիա այդպէս ձեւացուց թէ համամիտ է Հայաստանի հետ մերձեցման մթնոլորտի մը մէջ մտնելու եւ Հայաստանի դէմ գործադրուած շրջափակումի ջնջումին: Այս զարգացումը մեծ ուրախութեամբ դիմաւորուեցաւ թէ ԱՄՆ ի թէ ԵՄ ի եւ թէ Ռուսիոյ կողմէ:Մանաւանդ Ամերիկեան քաղաքականութիւնը եւ Օպամա հանգիստ շունջ մը առին որովհետեւ այս մերձեցման շնորհիւ Օպամա պատրուակ մը պիտի ունենար որպէսզի 24 Ապրիլին չարտասանէր <<ձեղասպանութիւն>> բառը պնդելով թէ ասիկայ պիտի հարուածէր մերձեցման ջանքերը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ: Շատ տրամաբանական է մտածել թէ ԱՄՆ չի փափաքիր որ իր եւ Թուրքիոյ միջեւ խրովութեան մթնոլորտ մը ստեղծուի Հայաստանի պատճառաւ որովհետեւ թէ քաղաքական եւ թէ տնտեսական մեծ շահեր ունի Թուրքիոյ աջակցութենէ:Նոյնպէս Ռուսիան ալ տնտեսական շահաւէտ համաձայնութիւններ ստորագրած է Թուրքիոյ հետ:Եւրոպական Միութիւնն ալ չի փափաքիր իրեն հետ օրէ օր իր յարաբերութիւնները բարելաւող Թուրքիոյ հեն խնդիր ունենալ Հայաստանի պատճառաւ: Հայաստանն ալ իր կարգին գոհ էր այս կացութենէն որովհետեւ Թուրքիոյ հետ սահմանները պիտի բացուէին,այս երկու երկիրներու մէջ դիւանագիտական եւ տնտեսական կապեր պիտի հաստատուէին եւ բոլոր այս զարգացումները ի վերջոյ շահաւէտ էին նաեւ Հայաստանին համար ալ : Ուստի ԱՄՆ ի նորընտիր նախագահ Օպամա ,Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած այս մերձեցման մթնոլորտը յառաջ բերելով անցեալ 24 Ապրիլ թուականին <<ձեղասպանութիւն>> բառը չարտասանեց եւ այս նպատակով աճապարանքով եւ որոշ դիւանագիտական խնդիրներէ ետք վերջի վայրկեանին փրոթոքոլները ստորագրուեցան երկու հարեւան երկիրներու մէջ:Փրոթոքոլներուն ստորագրուելէն անմիջապէս վերջ Ատրպէյճանէն
,Թուրքիոյ դէմ բողոքի ձայներ բարցրացան:Ալիեւ սպառնաց Թուրքիոյ թէ իրենց Թուրքիա վաճառած բնական կազը կրնային բոլորովին կտրել:Աւելի վերջ Ատրպէյճանի խորդհարանէն երեսփոխաններ Թուրքիայ եկան եւ իրենց բողոքը իմացուցին Թուրք դիւանագէտներուն ,Հանրապետութեան Նախագահին,Վարչապետին եւ մանաւանդ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն որոնք արդէն դէմ էին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած մերձեցման մթնոլորտին:
Հայաստան եւ Թուրքիա նախապէս համաձայնած էին փրոթոքոլները ստորագրել առանձ նախապայմանի:Հայաստանը ձեղասպանութեան Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումը պայման պիտի չի դնէր ,Թուրքիա ալ Ղարապաղի հակամարտութիւնը:Բայց բոլոր այս զարգացումներէն վերջ Թուրքիա , Ղարապաղի հակամարտութեան լուծումը պայման դրաւ փրոթոքոլներուն վաւերացման համար եւ այսպէսով կացութիւնը դարձեալ բարդուեցաւ:
Կարելի չէ հաւատալ թէ Թրքական դիւանագիտութեան պէս փորձառու ու խորամանկ դիւանագիտութիւն մը նախատեսած չըլլար որ առանց Ղարապաղի հակամարտութեան Ատրպէճանի ի նպաստ լուծումի , Հայաստանի հետ մերձեցում մը կարելի պիտի չըլլար Ատրպէյճանի կողմէ ընդունիլ: Այս պատճառաւ է որ բոլոր այս զարգացումները ըստ իս ուրիշ բան չեն այլ դիւանագիտական բեմադրութիւն մը:
Հիմայ դարձեալ 24 Ապրիլ թուականը կը մօտենայ եւ ԱՄՆ ի Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Գործերու Կոմիտէի մօտ դարձեալ Հայկական Բանաձեւը պիտի քուէարկուի:Թրքական դիւանագիտութիւնը շարժման անցած է որպէսզի արգեք հանդիսանայ Հայկական Բանացեւին Ամերիկիան Քոնկրեսի կողմէ որդեգրումին: Յետոյ դարձեալ կուգայ 24 Ապրիլ թուականը եւ կըսուի թէ եթէ Թրքական խորհրդարանը փրոթոքոլները չի վաւերացնէ հաւանական է որ Օպամա իր 24 Ապրիլի յայտարարութեան մէջ պիտի արտասանէ <<ձեղասպանութիւն>> բառը:
Նկատի առած Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքական վիճակը եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն փրոթոքոլներու վաւերացման դէմ ըրած խիստ յայտարարութիւնները հոաւանականութիւն չեմ տար որ կառավարութիւնը յանձն առնէ փրոթոքոլները քուէարկութեան բանալ Թրքական Խորհրդարանի մէջ:
Բայց պէտք է որ քայլ մըն ալ նետէ որպէսզի 24 Ապրիլ թուականին ԱՄՆ ի նախագայ Օպամա ,իր յայտարարութեան մէջ <<ձեղասպանութիւն>> բառը չի գործածէ:Հայաստանի նախագահ Սարգիսեան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջի մերձեցման մասին իր ըրած վերջին յայտարարութիւններուն մէկուն մէջ .<<մեձեցման շարունակուելուն համար փրոթոքոլներուն Թրքական Խորհրդարանի կողմէ վաւերացումը պայման չէ’ ,սահմաններուն բացուելն ալ մերձեցման շարունակուելուն համար լաւ քայլ մըն է>>,ըսելով Թուրքիոյ համար շարունակելիք ճամբայ մը ցոյց տուաւ արդէն:24 Ապրիլ թուականէն քանի մը օր առաջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ սահմանները կրնան բացուիլ ու յետոյ երբ <<վտանքը>> անցնի պատրուակ մը կը գտնուի որպէսզի սահմանները դարձեալ փակուին:
Նոյնիսկ եթէ փրոթոքոլները վաւերացուին Թրքական Խորհրդարանի կողմէ ,վաւերացուած փրոթոքոլները չի գործադրելու համար պատրուակ մը գտնել շատ դժուար պիտի չըլլայ Թուրքիոյ համար:Եւ այսպէս, բեմադրուած այս թատրոնը պիտի շարունակուի երթայ:
Օշին էլակէօզ
4 Մարտ 2010
Հինգշաբթի
No comments:
Post a Comment