Subscribe

12 Nov 2010

Հայերու կողմէ սպաննուած թուրքեր



Աթաթիւրք համալսարանի հնագիտութեան բաժինի ատենապետ Փրոֆ. Ճէվաթ Պաշարանի առաջնորդութեամբ իրականացած պեղումներու ժամանակ, 1915 ի տարիներուն հայ հրոսախումբերու կողմէ սպաննուած եւ հաւաքագերեզմաններու մէջ թաղուած թուրք գիւղացիներու ոսկորները երեւան հանուէր են :

Թուրքիոյ մէջ կը գտնուին որոշ կազմակերպութիւններ, որոնք քաղաքական տեսանկիւնէ նուրբ շրջաններուն երկրին զանազան Արեւմտեան քաղաքներուն մէջ 1915 ի տարիներէն մնացած եւ հայերու կողմէ սպաննուած թուրքերու գերեզմաններ երեւան կը հանեն :

Այս կազմակերպութիւններուն մէկն է Աթաթիւրք Համալսարանը :Այս անգամ ալ Վան քաղաքի Կէվաշ նահանգի մէջ, 1915 ի շրջանին հայերու կողմէ սպաննուած թուրք ընտանիքներու գերեզմաններ երեւան հաներ է :

Չէ՞ որ Վան ի նոյն Կէվաշ նահանգի մէջ գտնուող Աղթամար կղզիի Ս.Խաչ եկեղեցւոյ մէջ յաջող արարողութիւն մը իրականացաւ ուր կը գտնուէին նաեւ աշխարհիս ամէն կողմէն եկող Սփիւռքահայեր որոնք մեծ պատիւով եւ բարեկամական զգացումներով դիմաւորուեցան Վան քաղաքի թուրք ժողովուրդի կողմէ, հիմա այսպէս թշնամական պնդում մը մէջտեղ պէտք է որ նետուի խափանելու համար այս դրական զարգացումը հայ եւ թուրք ժողովուրդի միջեւ որպէսզի չըլլայ որ թուրք ժողովուրդի մէջ հայերուն հանդէպ գտնուած թշնամական զգացումները, իրենց տեղը ձգեն բարեկամական զգացումներու :

Նոյն համալսարանի գիտնականները որոնք յայտնի չէ թէ որ աստիճան մասնագիտական փորձառութիւն ունին այս ուսումնասիրութիւնը ընելու համար, տեղւոյն վրայ անմիջապէս ստուգեր են թէ ոսկորները կը պատկանին հայերու կողմէ սպաննուած թուրք հայրենակիցներուն:

Յայտնի չէ նաեւ թէ ի՞նչ գիտնական միջոցներ գործածուեցան ստուգելու համար թէ այդ կմախքները կը պատկանին թուրքերու եւ ոչ հայերու կամ քիւրտերու կամ այն հողերուն վրայ այն ժամանակ ապրող ուրիշ ժողովուրդի մը:

Ի՞նչպէս այդչափ վստահ կարելի է ըլլալ թէ այդ ոճիրը գործողները հայեր էին եւ ոչ ուրիշներ:Միթէ այն ժամանակ թուրքերու հետ խնդիր ունեցողները միայն հայե՞րն էին:Այդպէս կերեւի թէ այս ուսումնասիրութիւնը կատարողները,իրենց ուսումնասիրութիւնը կատարած են ոչ թէ գիտական տուեալներու ուղղութեամբ այլ թուրք պետական քարոզչութեան ուղղութեամբ որն է քանի որ սպաննուողները թուրքեր են ուրեմն սպանողներն ալ անպայման հայեր պէտք է որ ըլլան:


Համալսարանի կողմէ եղած արտայայտութեան մէջի միակ ազդակը որ ըստ իրենց կը բաստէ թէ այս ոսկորները կը պատկանին թուրք հայրենակիցներուն այն է որ ոսկորներուն քով գտնուած են հագուստի, կօշիկի ու կնոջ լաչակի կտորներ:Կարծէք թէ այս նոյն առարկաները հայ ժողովուրդի կողմէ ալ չէին գործածուէր:

Ըստ նոյն յայտարարութեան Կէվաշ նահանգի տարիքոտները եղած են անոնք որոնք լուր տուած են իրենց որ հոն թուրքերուն պատկանող գերեզմաններ կը գտնուին:Կարելի չէ հասկնալ թէ այդ տարիքոտները ,ինչու համար 95 տարի սպասէր են որպէսզի այս լուրը տան:

Ի վերջոյ պեղումը կատարող գիտնականները կմախքներուն գտնուած փոսը գոցած են ու այդ փոսի անունը նշանակած են <<հայերու կողմէ սպաննուած թուրքերու գերեզման>> :


Երբ կը խօսուի 1915 ի տարիներուն պատահած դէպքերու մասին, թուրք կողմը միշտ կը պնդէ թէ պատահածը ցեղասպանութիւն չէր այլ փոխադարձ սպանդ: Թրքական կողմն ալ այլեւս կընդունի որ մեծ քանակութեամբ հայեր սպաննուած են թուրքերու կողմէ, բայց հողին տակէն հանուած կմախքները միշտ հայերու կողմէ սպաննուած թուրքերուն կը պատկանին: Ի սեր Աստուծոյ թող անգամ մըն ալ գերեզման մը բացուի եւ ըսուի թէ <<ահաւասիկ ասոնք ալ մեր պապերուն կողմէ սպաննուած հայերուն կմախքներն են>>:Ոչ, այսպէս բան մը կարելի չէ որ ըլլայ:Հողին տակէն հանուած կմախքները պէտք է որ միշտ պատկանին հայերու կողմէ սպաննուած թուրքերուն:


Օշին Էլակէօզ

Պոլիս







No comments: