Փիէր Լուիճի Ֆանթին նիհար, կարճ հասակով ու ջղային կազմով Վենետիկցի փաստաբան մըն էր :Այդ օր ան Վերոնա աղաքի մէջ շատ կարեւոր դատաւարութիւն մը ունէր ,որուն վերջաւորութեան դատաւորը այլեւս իր վճռական որոշումը պիտի տար այդ դատաւարութեան մասին:Փիէր Լուիճի շոգեկառքի ժամանակացոյցը օը մը առաջուընէ ուսումնասիրած եւ տոմսակներն ալ ծախու առած էր արդէն ,որովհետեւ ան ին գործերը միշտ կանուխէն կարգադրել կը սիրէր ու կ'ատէր անակնկալները:
Վենետիկէն Վերոնա երթալու համար Միլանօ գացող շոգեկառքը պէտք է որ առնէր:Փիէր Լուիճի առաւօտ ժամը վեցին մեկնող շոգեկառքին համար տոմսակ առած էր ,որպէսզի ժամը եօթը քսան անցած Վերոնա հասնէր :Դատարանը ժամը իննին կը բացուէր ուրեմն ժամ մը եւ քառասուն վայրկեան պարապ ժամանակ ունէր ,որպէսզի Վերոնայի կայարանէն երթար դատարան որ քառորդ մը կը տեւէր:Ուրեմն շուրջ մէկուկէս ժամ առաջուընէ դատարան հասած պիտի ըլլար ,բայց խնդիր չէր ասիկա իրեն համար, որովհետեւ ինք միշտ կը նախընտրէր կանուխէն երթալ իր երթալիք տեղը ,քան թէ ուշ մնալ: Այս միջոցին դատարանին դիմացի սրճարանը սուրճ մը կը խմէր ու իր դատին պատկանող թղթածրարը դարձեալ աչքէ կրնար անցնել:Ըսեր էինք արդէն որ Փիէր Լուիճի անակնկալները չէր սիրեր:
Առաւօտ կանուխ արթնցաւ ,ածիլուեցաւ ,հագուեցաւ,նախաճաշը ըրաւ ,սուրճը խմեց ու շիտակ Վենետիկի Սանթա Լուչիա կայարանը գնաց ,զինք Վերոնա տանելիք շոգեկառքը գտաւ ու իր նստարանին գտնուած վակոնը մտաւ եւ իր տեղը նստաւ:Շուրջ քսան վայրկեան վերջ շոգեկառքը ցնցումով մը ճամբայ ելաւ ու սկսաւ յառաջանալ :
Փիէր Լուիճի թերթը բացաւ եւ կարդալ սկսաւ :Հազիւ տասը վայրկեան անցած էր որ պաշտօնեան իր գտնուած բաժանմունքը մտաւ ,որպէսզի ճամբորդներուն տոմսակները քննէ:Փիէր Լուիճի իր տոմսակը պաշտօնեային երկարեց ու հարցուց թէ շոգեկառքը ճիշտ ժամուն Վերոնա պիտի հասնէ՞ր արդէօք:
Պաշտօնեան շուարած պատասխանեց:
-Բայց Սինիոր այս շոգեկառքը Վերոնա չի կենար,ասիկա էքսփրէս շոգեկառք մըն է որ Վերոնայէն կ’անցնի բայց չի կենար :Ուրեմն դուք Պրեշիա պէտք է իչնէք եւ հակառակ ուղղութեամբ գացող շոգեկառքով մը երեք կայարան դէպի ետ ճամբորդէք :
Փիէր Լուիճի չէր կրնար հաւատալ պաշտօնեային ըսածին:Ինչպէ՞ս կրնար սխալած ըլլալ: Ինք քանի մը անգամ հաստատած էր տոմսակը գնած ժամանակ ,որ Վերոնա պիտի իգնէր շոգեկառքէն: Խելաքարած’ սկսաւ վիճաբանիլ պաշտօնեային հետ, բայց ընելիք բան չկար , քանի որ պաշտօնեան վճռական կը խօսէր:
- Սինիոր ,այս շոգեկառքը Վերոնա չի կենար ,պարապ տեղ մի’ վիճաբանիք ինծի հետ:
Ու կռնակը դառնալով դուրս ելաւ:
Բայց Փիէր Լուիճի հանգինտ մը իր տեղը նստելիք անձ մը չէր ու անմիջապէս տեղէն ցատկեց եւ պաշտօնեային ճամբան կրտելով ,ինքզինքէն ելած վիճակի մէջ ու Իտալացիի յատուկ ձեռքի ու մարմնի շարժումներով ,երբեմն լալով ու երբեմն աղաչելով , իր ամբողջ ճարպիկութիւնը մէջտեղ դրաւ ,որպէսզի պաշտօնեան ըմբռնէր կացութեան լրջութիւնը:
Մարդը ի վերջոյ հասկցաւ որ իր օձիկը պիտի չկարենայ ազատել, առաջարկեց միասին մեքենավարին երթալ ,որովհետեւ միայն ինքն էր որ կրնար հաւանաբար ճար մը գտնել: Փիէր Լուիճի շատ գոհ մնաց ու պաշտօնեային դիմաց երկրպաքութիւններ ընելով հազար անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց :
Երբ մտան մեքենավարին սենեակը,ուրկէ շոգեկառքը կը կառաւարուէր, Փիէր Լուիճի դարձեալ իր բոլոր իտալացիի յատուկ ամբողջ ճարպիկութեամբ սկսաւ բացատրել իր մատնուած վիճակը ու կացութեան լրջութիւնը :Մեքենավարը տեսնելով մարդուն վիճակը, մեղքցաւ իրեն ու առաջարկ մը ըրաւ, ըսելով:
-Պարոն փաստաբան ,կը հասկնամ որ շատ լուրջ է ձեր կացութիւնը ,բայց այս շոգեկառքը չի կրնար կենալ Վերոնա,որովհետեւ եթէ կենայ այդ կայարանը, շոգեկառքի գիծին ամբողջ երթուդարձը կը խանգարուի:Բայց նկատի առնելով ձեր կացութիւնը ,հետեւեալ դիւրութիւնը կրնամ ընել միայն :Երբ հասնինք Վերոնա ,ես շագեկառքի արագութիւնը պիտի դանդաղեցնեմ եւ պիտի բերեմ այն արագութեան ,որ առանց շոգեկառքը կեցնելու դուք պիտի կարենաք վար ցատկել ու յետոյ ես ալ անմիջապէս պիտի արաքացնեմ շոգեկառքը :
Փիէր Լուիճի շատ ուրախացաւ ու հազար շնորհակալութիւն յայտնեց մեքենավարին որ զգուշացուցած էր զինքը:
Մեքենավարը յանձնարարութիւն մըն ալ ըրաւ Փիէր Լուիճիի:
-Միայն թէ երբ շոգեկառքէն վար ցատկէք,մի’փորձէք անմիջապէս կենալ, այլ շարունակեցէք նոյն արագութեամբ քիչ մը վազել շոգեկառքին ուղղութեամբ, ապա թէ ոչ ձեր քիթին բերնին վրայ վար կ’իյնաք:
Երբ շոգեկառքը հասաւ Վերոնայի կայարանը ,Փիէր Լուիճի պատրաստ էր արդէն դրան ետեւը ,իր քով ունենալով պաշտօնեան ,որ օգնական պիտի ըլլար իրեն ապրելիք այս արկածախնդրութեան մէջ:
Մեքենավարը շոգեկառքին արագութիւնը սկսաւ դանդաղեցնել եւ երբ հասան Վերոնայի կայարանը ,շոգեկառքը այլեւս բաւական դանդաղեցուցած էր իր ընթացքը : Պաշտօնեան շոգեկառքին դուռը բացաւ ,Փիէր Լուիճի իր պայուսակը ձեռքին յառաջացաւ դէպի դուռ , գայլ մը վար իջաւ շոգեկառքին սանդուխէն ու սկսաւ սպասել պաշտօնեային հրամանին ,որպէսզի վար ցատկէր:Շոգեկառքը այլեւս շատ դանդաղեցուցած էր իր արագութիւնը ու պաշտօնեան իր հրամանը տուաւ:
-Հիմա,պարոն ցատկեցէք'......
Ու Փիէր Լուիճի շոգեկառքէն վար ցատկեց ու երբ ոտքերը գետին դպան, մեքենավարին ազդարարութեան համաձայն, սկսաւ վազել դէպի նոյն ուղղութիւնը եւ նոյն արագութեամբ:
Մինջ այդ ,մեքենավարը զսպանակները ազատ ձգած էր արդէն ու շոգեկառքը սկսած էր արագանալ եւ իր ճամբան շարունակել:
Վակոնները մէկ մէկ սկսան փաստաբանին քովէն անցնիլ միշտ աւելի, արագ կերպով :Փիէր Լուիճի կամաց կամաց սկսած էր նուազեցնել իր արագութիւնը եւ այլեւս կենալու վրայ էր ու շատ ուրախ էր որ ձեւով մը կրցած էր հարթել խնդիրը:Ճիշտ այդ պահուն ,երբ ինք այլեւս կենալու վրայ էր ու վակոնները իր քովէն արագութեամբ կ’անցնէին եւ երբ վերջին վակոնն ալ իր քովէն կ’անցնէր ,այն վերջին վակոնին վերջին դուռը յանկարծ բացուեցաւ ,եկարահասակ յաղթանդամ մարդ մը մէկ ձեռքով վակոնին դռնէն կախուեցաւ ու միւս ձեռքով Փիէր Լուիճիին հագած հաստ վերարկուին օձիքէն բռնելուն պէս զայն իր ամբողջ ուժով վեր բարձրացնելով վակոնին մէջ առաւ:
Փիէր Լուիճի յաղթանդամ մարդուն ձեռքին մէջ պատին փակած եղածը ըմբռնել կաշխատէր:Մեծ ջանքերով եւ մեծ վտանք մը յանձն առնելով վար իջած շոգեկառքին մէջ կը գտնուէր դարձեալ ու շոգեկառքը այլեւս հասած էր իր սովորական արագութեան ու շատոնց լքած էր Վերոնայի կայարանը:
Մինջ Փիէր Լուիճի կը գտնուէր այդ մտածումներու մէջ ,զինքը շոգեկառքին մէջ առնող յաղթանդամ մարդը վակոնին դուռը գոցելով իր կողմը դարձաւ ,խնդալով ու իր ձեռքը կուրծքին զարնելով հպարտութեանբ ըսաւ.
-Սինիոր ,եթէ ես չըլլայի դուք այս շոգեկառքը փախցուցած պիտի ըլլայիք:
31 Հոկտենբեր 2008 Ուրբաթ
Մարմարա Օրաթերթ
19 Feb 2009
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
1 comment:
Օշին 2009-ին բան մը չես գրած: Չծուլանաս...
;-)
Vahan Sh.
Post a Comment